Շաբաթ 15 Յունիս, 2013-ին, Լիբանանի Պուրճ Համուտ շրջանի Ազգային ծերանոցին մէջ մահացաւ նշանաւոր բանաստեղծ Աբրահամ Ալիքեան։
Աբրահամ Ալիքեան ծնած է Եգիպտոս, 21 Մայիս, 1928-ին: Նախնական կրթութիւնը ստացած է տեղի Նուպարեան վարժարանին մէջ: 1939-ին գաղթած է Պէյրութ: 1946-ին աւարտած է Համազգայինի Նշան Փալանճեան Ճեմարանը: 1947-ին ներգաղթած է Հայաստան, ապա քանի մը տարի ետք՝ փոխադրուած Մոսկուա: Մոսկուայի մէջ Ալիքեան երկար տարիներ զբաղած է ուսուցչութեամբ «Մաքսիմ Կորքի»ի անուան գրականութեան հիմնարկէն ներս, ուրկէ շրջանաւարտ էր ինք: Ան 1970-ականներուն հեռացած է Մոսկուայէն դէպի Փարիզ, ապա՝ ԱՄՆ: Ապա հրաւիրուած է Պէյրութ, ուր երկար տարիներ ուսուցչութեամբ զբաղած է այն ժամանակ գործող Համազգայինի «Հայագիտական բարձրագոյն Հիմնարկ»էն եւ ապա Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Պիքֆայայի դպրեվանքէն ներս:
Բանաստեղծը կը տիրապետէր Ֆրանսերէն լեզուին եւ թարգմանական մեծ ժառանգ թողած է: Ալիքեան ունի բանաստեղծական մեծ ժառանգ. անոր վերջին երկու բազմաբովանդակ հատորները տպագրուած են Երեւանի մէջ գրականագէտ Եուրի Խաչատրեանի աշխատութեամբ եւ ճիգերով:
Բանաստեղծ Աբրահամ Ալիքեանին յուղարկաւորութեան արարողութիւնը տեղի ունեցաւ 17 Յունիսին, ապա հանգուցեալ բանաստեղծի մարմինը փոխադրուեցաւ Պուրճ Համուտի Ազգային գերեզմանատուն: