Կազմակերպութեամբ Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան եւ գործակցաբար «Ազդակ» օրաթերթին, կիրակի, 4 մայիս 2008-ին, կէսօրէ առաջ ժամը 11:00ին, Համազգայինի «Լեւոն Շանթ» մշակութային կեդրոնի «Գ. եւ Հ. Արմէնեան» սրահին մէջ, տեղի ունեցաւ հանդիպում-զրոյց մը՝ «Պոլսահայ գաղութի ներկան՝ տագնապներ եւ դժուարութիւններ» նիւթով, որ ներկայացուց Պոլսոյ «Մարմարա» օրաթերթի փոխխմբագիր Մաքրուհի Պ. Յակոբեան:
Հանդիպում-զրոյցին բացման խօսքը արտասանեց Րաֆֆի Տեմիրճեան, որ նշեց, թէ պոլսահայ գաղութին իրավիճակը մնայուն ձեւով հանդիսացած է լիբանանահայութեան հետաքրքրութեան կիզակէտը՝ նկատի առնելով, որ գաղութիս մտահոգութիւնները, հարցերն ու տագնապները իւրայատուկ են իրենց բնոյթով ու ձեւով:
Տեմիրճեան հաստատեց, թէ ճշգրիտ ու առարկայական տեղեկութիւններ կարելի է ստանալ մամլոյ ներկայացուցիչներէն, որոնք մնայուն կերպով առնչուած են դժուարութիւններուն: Բացման խօսքէն ետք Մաքրուհի Յակոբեան մեծաթիւ ներկաներուն զեկուցեց պոլսահայ կեանքի տարբեր երեսներուն մասին:
Անդրադառնալով պոլսահայ մամուլին՝ ան նշեց, որ գաղութը ունի երկու օրաթերթ («Մարմարա» եւ «Ժամանակ»), մէկ շաբաթաթերթ («Ակօս»), մէկ ամսաթերթ եւ երկու պարբերաթերթ:
Մաքրուհի Յակոբեան յայտնեց, որ Պոլսոյ մէջ մայրենի լեզուին գործածութիւնը արտօնելի է եւ այս գծով արգելքներ չկան: Իսկ 1915-ի դէպքերուն գծով Յակոբեան նշեց, որ իւրաքանչիւր ընտանիքի պատմութիւնը բաւարար վկայութիւն է: Ան ըսաւ, թէ թուրք մտաւորականութեան մօտ առկայ են շարք մը հայանպաստ կեցուածքներ, որոնք կþարտայայտուին թրքական մամուլին մէջ ու թարգմանաբար կը ներկայացուին հայ մամուլին մէջ:
Մաքրուհի Յակոբեան յայտնեց, որ անաղմուկ եւ երկարաշունչ պայքարն է, որ կþապահովէ արդիւնք:
Ապա Յակոբեան հերթաբար խօսեցաւ գաղութին մէջ գործող դպրոցներուն, եկեղեցիներուն, միութիւններուն ու հաստատութիւններուն մասին՝ նշելով, որ երիտասարդութեան մօտ հայապահպանման բազմաթիւ հարցեր կան, քանի որ օրըստօրէ օտար ամուսնութիւնն ու այլասերումը մեծ ծաւալներ կը ստանան:
Յակոբեան նաեւ անդրադարձաւ Հրանդ Տինքի սպանութեան ծիրին մէջ թրքական անհանդուրժողական մթնոլորտին, որ փոքրամասնութիւններուն մէջ վախ ու սարսափ յառաջացուց: Իր խօսքի աւարտին Մաքրուհի Յակոբեան շեշտեց, որ հակառակ բոլոր դժուարութիւններուն, պոլսահայ գաղութը տակաւին ունի սքանչելի հայաշունչ մթնոլորտ:
Զեկուցումէն ետք Յակոբեան պատասխանեց ներկաներուն հարցումներուն: