Համբաւաւոր խմբավար Յովհաննէս Չէքիճեան ի վերջոյ նաեւ հասաւ այս հեռաւոր անկիւնը, Կիրակի, 17 Մարտ 2019-ին, շնորհիւ իր նախկին աշակերտներէն Շողիկ Պապոյեանի տքնաջան աշխատանքին:
Ձեռնարկը կազմակերպած էին Ֆրեզնոյի Հայ թանգարանի տնօրէնութիւնը եւ Ս. Երրորդութիւն եկեղեցին, եւ զայն կը հովանաւորէր Համազգայինի «Դանիէլ Վարուժան» մասնաճիւղը, որ այս առիթով, առաջին Հանրապետութեան նուիրուած նիւթով նկարազարդ ալպոմ մը նուիրեց խմբավարին:
Չէքիճեան սրահէն ներս մտաւ հայր Տաճատ վրդ. Աշըքեանի ընկերակցութեամբ եւ ժողովուրդը զինք դիմաւորեց ծննդեան երգով: Իննսունամեայ արուեստագէտ հսկան ազդուած էր տեսարանէն:
Մեծարանքի հանդիսութեան հանդիսավար Վարուժան Տէր Սիմոնեան բարի գալուստ մաղթեց ներկաներուն:
Ճաշի սպասարկութեան ընթացքին տեսերիզով ցուցադրուեցան յոբելեարի անցած կեանքի դրուագները:
Յայտագիրը սկսաւ գեղեցիկ երգերով, հայրենի երգիչ Միսակ Իսրայէլեանի կողմէ: Վարպետ դաշնակահարուհի երէցկին Սեւան Պալապանեան կ՛ընկերակցէր անոր: Յաջորդաբար վայելեցինք «Կարմիր Վարդին», «Երազ» եւ իտալական «Թոսքա» օփերայէն «Է Լուսիվան լէ սթելլի» երգերը:
Ֆրեզնոյի Գրական լսարան «Զանգակատուն» խումբի ներկայացուցիչ Մարգարիտ Դումանեան բարի գալուստ մաղթեց մայէսթրոյին եւ զայն կոչեց «ամենայն հայոց խմբավար»: Ապա հանդիսավար Վարուժան Տէր Սիմոնեան խմբավարի ելոյթներէն օրինակներ ներկայացուց եւ նոյն ժամանակ ներկայացուց անոր անցած իննսունամեայ ճամբան: