Կազմակերպութեամբ Համազգայինի «Քնար» պարախումբին, Չորեքշաբթի, 20 Ապրիլ 2011-ին, երեկոյեան ժամը 6:00-ին «Յ. Տէր Մելքոնեան» թատերասրահին մէջ տեղի ունեցաւ Համազգայինի «Քնար» պարախումբին կազմակերպած միջդպրոցական պարի փառատօնը` ներկայութեամբ կրթական պատասխանատուներու, ուսուցիչներու, ծնողներու, արուեստասէրներու եւ աշակերտներու:
Հանդիսութեան բացման խօսքը արտասանեց Յակոբ Գառնէշեան, որ նշեց, թէ այս ձեռնարկը արդէն աւանդութեան վերածուած է, որպէսզի մեր դպրոցներուն մէջ ստեղծէ հայկական պարարուեստին նկատմամբ առողջ եւ խանդավառ մթնոլորտ: Գառնէշեան շնորհակալութիւն յայտնեց վարժարանի տնօրէններուն եւ ուսուցիչներուն, որոնք միշտ նեցուկ կը կանգնին Համազգայինի գործունէութեան` հաւատալով միութեան առաքելութեան:
Ապա շուրջ մէկուկէս ժամուան ընթացքին, հայկական 18 վարժարաններ հանդէս եկան մէկական հայկական պարով` հանդիսատեսներուն պարգեւելով քաջալերական ու ուրախ պահեր: