Հինգշաբթի, 19 Մայիս 2011-ին, երեկոյեան ժամը 6:30-ին, հովանաւորութեամբ Պուրճ Համուտի առեւտրականներու միութեան նախագահ Փոլ Այանեանին, Համազգայինի «Լիւսի Թիւթիւնճեան» ցուցասրահին մէջ տեղի ունեցաւ Միրէյ Կոկիկեանի իւղաներկի եւ միքսթ միտիայի գեղանկարներու ցուցահանդէսին բացման հանդիսութիւնը:
Օրուան առաջին խօսքը արտասանեց Համազգայինի «Թորոս Ռոսլին» կերպարուեստի դպրոցի գեղարուեստական պատասխանատու Ժանեթ Յակոբեան-Եափուճեան, որ նշեց, թէ Կոկիկեան իւրայատուկ է իր ոճով եւ գոյներու իւրայատուկ սլացքով: Ան աւելցուց, որ Կոկիկեան հանրածանօթ գեղանկարիչ է, որ ոչ միայն ճանչցուած է լիբանանահայութեան կողմէ, այլեւ` լիբանանեան եւ միջազգային շրջանակներու կողմէ:
Յակոբեան-Եափուճեան հակիրճ կերպով ներկայացուց գեղանկարիչին կենսագրութիւնը եւ ըսաւ, որ ան արժանացած է բազմաթիւ մրցանակներու: Ան նաեւ յայտնեց, որ Միրէյ Կոկիկեան «Թորոս Ռոսլին» կերպարուեստի դպրոցին մէջ ուսուցիչ է աւելի քան տասը տարիէ ի վեր:
Ապա խօսք առաւ Միրէյ Կոկիկեան, որ ըսաւ, թէ գեղանկարիչը իր երեւակայութեան ընդմէջէն կը ներկայացնէ իր ապրումները եւ յուզմունքները:
Ան նշեց, որ իւրաքանչիւր գեղանկար արուեստագէտին էութեան արտայայտութիւնն է:
Իր գեղանկարելու եղանակին մասին խօսելով` Կոկիկեան յայտնեց, որ ինք դանակի հարուածներով կը գծէ, երբ գոյները մղիչ ուժ կը հանդիսանան ստեղծելու երանգները: Իր խօսքի աւարտին Կոկիկեան շնորհակալութիւն յայտնեց Համազգայինին եւ այն անհատներուն, որոնք նպաստեցին այս ցուցահանդէսի յաջողութեան:
Աւարտին նաեւ խօսք առաւ Պուրճ Համուտի առեւտրականներու միութեան նախագահ Փոլ Այանեան, որ յայտնեց, թէ Միրէյ Կոկիկեան գեղանկարիչներուն մէջ իւրայատուկ դէմք մըն է, որ ունի իր արժէքն ու կարեւորութիւնը: Այանեան յաւելեալ վերելք ու նորանոր նուաճումներ մաղթեց գեղանկարիչին:
Կոկիկեան ցուցահանդէսին ներկայացուցած է 50 գեղանկարներ, որոնցմէ իւրաքանչիւրը ունի մասնայատուկ նիւթ եւ գունաւորում: Անոր գեղանկարները բնութեան տարրերու ու բնակավայրերու ընդմէջէն կը ներկայացնեն մարդկային զգացումներ եւ մթնոլորտ:
Ցուցահանդէսը բաց կը մնայ մինչեւ 30 Մայիս 2011:
Հինգշաբթի, 19 Մայիս 2011-ին, երեկոյեան ժամը 6:30-ին, հովանաւորութեամբ Պուրճ Համուտի առեւտրականներու միութեան նախագահ Փոլ Այանեանին, Համազգայինի «Լիւսի Թիւթիւնճեան» ցուցասրահին մէջ տեղի ունեցաւ Միրէյ Կոկիկեանի իւղաներկի եւ միքսթ միտիայի գեղանկարներու ցուցահանդէսին բացման հանդիսութիւնը: Օրուան առաջին խօսքը արտասանեց Համազգայինի «Թորոս Ռոսլին» կերպարուեստի դպրոցի գեղարուեստական պատասխանատու Ժանեթ Յակոբեան-Եափուճեան, որ նշեց, թէ Կոկիկեան իւրայատուկ է իր ոճով եւ գոյներու իւրայատուկ սլացքով: Ան աւելցուց, որ Կոկիկեան հանրածանօթ գեղանկարիչ է, որ ոչ միայն ճանչցուած է լիբանանահայութեան կողմէ, այլեւ` լիբանանեան եւ միջազգային շրջանակներու կողմէ: Յակոբեան-Եափուճեան հակիրճ կերպով ներկայացուց գեղանկարիչին կենսագրութիւնը եւ ըսաւ, որ ան արժանացած է բազմաթիւ մրցանակներու: Ան նաեւ յայտնեց, որ Միրէյ Կոկիկեան «Թորոս Ռոսլին» կերպարուեստի դպրոցին մէջ ուսուցիչ է աւելի քան տասը տարիէ ի վեր: Ապա խօսք առաւ Միրէյ Կոկիկեան, որ ըսաւ, թէ գեղանկարիչը իր երեւակայութեան ընդմէջէն կը ներկայացնէ իր ապրումները եւ յուզմունքները: Իր գեղանկարելու եղանակին մասին խօսելով` Կոկիկեան յայտնեց, որ ինք դանակի հարուածներով կը գծէ, երբ գոյները մղիչ ուժ կը հանդիսանան ստեղծելու երանգները: Իր խօսքի աւարտին Կոկիկեան շնորհակալութիւն յայտնեց Համազգայինին եւ այն անհատներուն, որոնք նպաստեցին այս ցուցահանդէսի յաջողութեան: Աւարտին նաեւ խօսք առաւ Պուրճ Համուտի առեւտրականներու միութեան նախագահ Փոլ Այանեան, որ յայտնեց, թէ Միրէյ Կոկիկեան գեղանկարիչներուն մէջ իւրայատուկ դէմք մըն է, որ ունի իր արժէքն ու կարեւորութիւնը: Այանեան յաւելեալ վերելք ու նորանոր նուաճումներ մաղթեց գեղանկարիչին: Կոկիկեան ցուցահանդէսին ներկայացուցած է 50 գեղանկարներ, որոնցմէ իւրաքանչիւրը ունի մասնայատուկ նիւթ եւ գունաւորում: Անոր գեղանկարները բնութեան տարրերու ու բնակավայրերու ընդմէջէն կը ներկայացնեն մարդկային զգացումներ եւ մթնոլորտ: Ցուցահանդէսը բաց կը մնայ մինչեւ 30 Մայիս 2011: |