Համազգայինի Մուշեղ Իշխան Մեկուսի Մասնաճիւղի Վարչութեան հրաւէրով լիբանանահայ երաժիշտ, կիթառահար՝ Մկրտիչ Միքայէլեան, Դեկտեմբեր 1, 2012-ին հանդէս եկաւ Տուպայի, «Տը Սաֆայէր- The Sapphire» ճաշարանէն ներս, ներկայացնելով սպանական երաժշտութեան յայտնի ստեղծագործութիւններ :
Երեկոյի բարի գալուստի խօսքը արտասանեց Վարչութեան ատենապետուհի՝ Սեդա Մանկասարեան Պալիօզեան, ներկայացնելով կիթառահարին հակիրճ կենսագրութիւնը։ Ան ըսաւ, որ ներկայիս Մկրտիչ Միքայէլեանը դասական կիթառ կը դասաւանդէ «Բարսեղ Կանաչեան» երաժշտական քոլեճին, Լիբանանի Պետական Երաժշտանոցին եւ Անթունիէ համալսարանին մէջ։
Համազգայինի Մուշեղ Իշխան Մեկուսի Մասնաճիւղի Վարչութեան կազմակերպած առաջին երաժշտական երեկոն էր, ուր հանդիսատեսը առիթը ունեցաւ ունկնդրելու Մկրտիչ Միքայէլեանի կիթառի ստեղծագործութիւնները:
Երեկոյի ընդունելութիւնը այնքան ջերմ էր եւ մտերմիկ, որ երիտասարդ աղջիկներէն ոմանք ներկայացուցին պարային կատարումներ ֆլամենքօյի հնչիւններու տակ:
Ձեռնարկի աւարտին ընկհ. Սեդան շնորհակալութիւն յայտնեց ներկաներուն ու նշեց, թէ այսպիսի երաժշտական երեկոները շարժառիթ կը դառնան Էմիրութեանց գաղութին մէջ յառաջացնելու երաժշտական մթնոլորտն ու խանդավառ մտերմիկ միջավայրը: