Համազգայինի Կիպրոսի «Օշական» Մասնաճիւղի հերթական մշակութային երեկոն նուիրուած էր հայասէր պուլկար բանաստեղծ Փէյօ Եաւորովին:
Ձեռնարկը, որ տեղի ունեցաւ 4 Ապրիլ 2018-ին, կազմակերպուած էր Համազգայինի վարչութեան եւ Կիպրոսի մէջ Պուլկարիոյ դեսպանութեան կողմէ: Ներկայ էին Կիպրոսի Թեմի Կաթողիկոսական Փոխանորդ Խորէն Արքեպիսկոպոս, Պուլկարիոյ դեսպան Պրն. Հրիստօ Գէորգիեւ եւ Տիկինը, Հայ Համայնքի Պետական ներկայացուցիչ Պրն. Վարդգէս Մահտեսեան եւ Տիկինը, Փոքրամասնութիւններու գծով նախագահական յանձնակատար Ֆոտիս Ֆոտիուի ներկայացուցիչը, դեսպանութեան մշակութային կցորդ Տկն. Մինա Հրիստովա-Մարինովա, Կիպրոսի Պուլկարացիներու Միութեան նախագահը եւ Համազգայինի մշակութասէր շրջանակի անդամները, ընդամէնը շուրջ 50 հոգի:
Վարչութեան ատենապետ Արթօ Դաւիթեան հանդիսութիւնը բացաւ, հայերէնով ներկայացնելով բանաստեղծին կապը հայութեան հետ, որ խտացուած էր անոր «Հայերը» բանաստեղծութեան մէջ: Ապա ան բեմ հրաւիրեց մեծայարգ դեսպան Գէորգիեւը, որ անգլերէնով աւելի հանգամանօրէն ներկայացուց Եաւորովի կեանքն ու գործը:
Դեսպանի ելոյթին յաջորդեց «Հայերը» քերթուածի հայերէն թարգմանութեան ընթերցումը Նայիրի Մուրատեանի կողմէ, որմէ ետք ներկաները դիտեցին Եավորովի մասին 20 վայրկեաննոց տեսերիզ մը: Ապա, կիպրայոյն դերասան Անդրէաս Մելեկիս եւ դերասանուհի Մոնիկա Մելեկիս պուլկարերէն եւ յունարէն լեզուներով արտասանեցին Եաւորովի բանաստեղծութիւններէն փունջ մը:
Յայտագիրը փակուեցաւ շնորհակալական խօսքերով, որուն յաջորդեց հիւրասիրութիւն՝ գինիով ու հայկական ուտելիքներով, առիթ ընծայելով, որ օտար հիւրերը շփուին համազգայնականներուն հետ եւ միտքեր փոխանակեն օրուան յայտագրին ու նաեւ ապագայ ծրագիրներու մասին: