Համազգայինի Կիպրոսի «Օշական» Մասնաճիւղի 4-րդ մշակութային երեկոն տեղի ունեցաւ 27 Ապրիլ 2016-ին: Յայտագրի գրական բաժինին մէջ Վարդան Թաշճեան ներկայացուց գրագէտ Նշան Պէշիկթաշլեանը, իսկ գեղարուեստական բաժինին մէջ՝ Ռուբէն Նահապետեան ներկայացուց Էտկար Շահինը:
Ներկայացնելէ ետք Պէշիկթաշլեանի կեանքն ու գործը, Վարդան Թաշճեան իր ժպտախառն ու հաղորդական ոճով անդրադարձաւ մեծ գրագէտին երգիծական գործերուն ու յատկապէս «Թատերական Դէմքեր» կոթողական գործին: Ապա Պէշիկթաշլեանի գործերէն հատուածներ կարդացին Լորա Մկրտիչեան եւ Արթօ Դաւիթեան:
Գեղանկարիչ Էտկար Շահինի կեանքն ու գործը մանրամասնօրէն ներկայացուց Ռուբէն Նահապետեանը, որ յաջողեցաւ ներկաներուն փոխանցել անոր հանդէպ իր ունեցած խոր յարգանքն ու սէրը: Նահապետեան ոչ միայն մանրակրկիտ կերպով ուսումնասիրած ու հետազօտած է Էտկար Շահինի գործը, այլեւ սեփականատէրն է անոր գործերու ճոխ հաւաքածոյի մը, որոնցմով ան Նիկոսիոյ մէջ ցուցահանդէս մը կազմակերպած էր անցեալ Նոյեմբերին:
Ներկաները մեծ գոհունակութեամբ ընբոշխնեցին երկու յարգելի զեկուցողներուն խօսքերը եւ շնորհաւորեցին Համազգայինի վարչութիւնը նման հաճելի եւ օգտակար ձեռնարկներ կազմակերպելուն համար: