Յակոբ Կարապենց սփիւռքահայ գրողը, ապրելով առաւելաբար Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներուն մէջ, մտովի ունեցած է ուրոյն իր աշխարհը կամ աշխարհները, որ երեք տարբեր աշխարհամասերու միաձուլուած ամբողջութիւնն է։ Անոնք են՝ ծննդավայր Թաւրիզը, հպարտանքի ու ներշնչումի առիթ հանդիսացող, անոր հոգիին, մտքին ու ստեղծագործութիւններուն թափ ու թռիչք տուող Հայաստանը եւ անշուշտ հետագային՝ ուսում, գիտելիք ու ճանաչում ապահովող Ամերիկայի Միացեալ Նահանգները։
Դժբախտաբար,Կարապենցի չէ վիճակուած իր ստեղծագործութիւնները հասու դարձնել հայրենի ընթերցողին։ Ճշմարտութիւն է, որ իր գործերը յաճախ պայմանաւորուած են, Թաւրիզ-Ամերիկա-Հայաստան եռանկիւնին մէջ ինքզինք փնտռելով, ինչպէս նաեւ՝ իր մտքերուն համապատասխան հարթակ հանդիսացող ու զանոնք որպէս ի՛րը ընդունող հայրենի հասարակութեան պրպտումով։
Արդարեւ, Համազգայինի «Գլաձոր» մասնաճիւղի Գրական Յանձնախումբի կամակերպած «Յակոբ Կարապենց, Մարդն ու Գրողը» վերնագրուած երեկոն հաստատումն էր, որ սփիւռքի տարածքին առկայ են Կարապենցի խորունկ եւ զգայուն հոգիէն բխած գրականութեամբ հետաքրքրուող ու զայն իրը համարող ընթերցասէր հասարակութիւն մը։
20 Յունուար 2017-ին «Համազգային» թատերասրահէն ներս, Կարապենցի նուիրուած երեկոն սկսաւ տեսերիզի մը ցուցադրութեամբ, ուր հանգամանօրէն ներկայացուած էր գրողի կեանքն ու գործունէութիւնը։ Այնտեղ խօսք առնելով, Կարապենց կը յայտնէ զգայուն իր հոգիին խորութեան համազօր եղող՝ զայրոյթի ու բողոքի զգացումներու գոյութիւնը։ Զգացումներ, որոնք իր իսկ վկայութեամբ՝ որպէս հենք ծառայած են իր ստեղծագործութիւններուն մէջ։ Զայրոյթը՝ հանդէպ կեանքի անարդարութիւններուն, եւ ո՛չ միայն հայ կեանքի նկատմամբ՝ այլ համամարդկային առումով, բողոքի դրսեւորմամբ ի յայտ եկած է անոր գրականութեան մէջ։ Այնտեղ Կարապենց յստակօրէն կը յայտնէ իր մտքերը, ինչպէս՝ գիտակցական հայրենասիրութեան, հայ մշակոյթին, հողին ու լեզուին կարեւորութիւններուն մասին։
«Գլաձոր» մասնաճիւղի ատենապետուհի՝ Թամար Տօնապետեան-Գուզուեան բացման խօսքին մէջ անդրադարձաւ, որ գրականասէր թորոնթոհայութեան համար այս ձեռնարկը առաջինը չէր իր տեսակին մէջ, այլ՝ վաղուց սպասուած առիթ էր, անգամ մը եւս առնչուելու Կարապենցի վաստակին, վերյիշելու անոր նախկին այցելութիւնը Թորոնթօ եւ հանդիպումները թորոնթոհայութեան հետ։ Հակիրճ անդրադարձով ընկերուհին ներկայացուց գրողի կեանքն ու գործունէութիւնը շեշտը դնելով, որ նմանօրինակ ձեռնարկներ առիթներ են յարգանք մատուցելու տուեալ գրողի անձին ու վաստակին։
Գեղարուեստական նրբաճաշակ յայտագրի մը ընդմէջէն ներկաները վայելեցին օրուան թեման առաւել արժեւորող գեղեցիկ կատարումները։ Նախ բեմ բարձրացաւ մեներգող՝ Մելանիա Շամահեան, ներկայացնելով «Մայրիկ» կտորը, ընկերակցութեամբ՝ Համազգայինի «Հայ Աստղեր» մանկապատանեկան երգչախումբի մեծահասակներու խմբակին, դաշնամուրի ընկերակցութեամբ՝ Վանիկ Յովհաննիսեանի։ Յաջորդաբար հանդէս եկան Հայկ Յարութիւնեան, ընթերցելով Կարապենցի «Մի Մարդ ու Մի Երկիր» հատորէն բաժին մը. ապա Նարեկ Գարամարտեան դաշնամուրի վրայ ներկայացուց Կոմիտասի «Գարուն ա» կտորը։ Համազգայինի «Գուսան» երգչախումբի անդամ, մեներգող՝ Սիլվա Խաչիկեան արհեստավարժ կատարումով ներկայացուց «Էլ Մի Արտարսուիր» կտորը, դաշնամուրի ընկերակցութեամբ Վանիկ Յովհաննիսեանի։
Բեմավար՝ ընկերուհին, ներածականով մը ներկայացուց օրուան բանախօսը՝ միջազգային օրէնքի եւ դիւանագիտութեան դոկտ., Armenian review-ի խմբագրական կազմի անդամ, «Զօրեան» հաստատութեան վարչական կազմի անդամ, թարգմանիչ, խմբագիր՝ Դոկտ. Արա Ղազարեանցը, որ մօտէն ուսումնասիրած է Կարապենցը ու ծանօթացած՝ անոր գրական վաստակին տուն տուող հոգեկան պոռթկումներուն ու ներաշխարհը յուզող խնդիրներուն, նաեւ՝ Հայաստանի, Արցախի ու Սփիւռքի մասին Կարապենցի ունեցած խորհրդածութիւններուն։
Յարգարժան բանախօսը շնորհակալական իր խօսքը ուղղեց նախ Համազգայինին, որ գրողին մահուընէ 23 տարիներ ետք, մտայղացումը ունեցած է վերյիշելու զայն, պատիւ համարելով , որ իրեն ընծայուած է այս առթիւ խօսիլ Կարապենցի նման գրողի մը մասին։
Դոկտ. Արա Ղազարեանց անդրադառնալէ ետք Կարապենցի կեանքին ու գործունէութեան, մատնանշեց այն իրողութիւնը, որ այսօր Կարապենց իր ստեղծագործութիւններով նոր էջ բացած է արդի հայ գրականութեան պատմութեան մէջ, ունենալով արժանի եւ ուրոյն իր տեղը, թարգմանը հանդիսանալով սփիւռքահայ սերունդներու ապրումներուն, տենչերուն եւ մտահոգութիւններուն։ Վերլուծական մօտեցումով բանախօսը նշեց, թէ.- «Կարապենց գեղարուեստի նրբաճաշակ ոճով յաջողեցաւ շաղկապել հայկականը համամարդկայինին, միշտ հարազատ մնալով առաջինի իւրայատուկ տեղին ու արժանիքներուն։ Անմրցելի են անոր հոգեբանական խորունկ վերլուծումները յատկապէս հայ մարդու ներաշխարհի իւրայատկութեան տեսակէտէն։Իր նկարագրութիւններուն մէջ ուշագրաւ են լեզուի, ոճի նորարարութիւնները, որոնց միջոցաւ ան կրնայ խօսիլ թէ՛ հայրենի, եւ թէ՛ սփիւռքի կեանքին մասին հաւասարապէս»։
Մէջբերելով գրողին հետ իր անձնական ծանօթութիւնը, Դոկտ․ Ղազարեանց հաստատեց հետեւեալը.-«Երբ ծանօթացայ Կարապենցին, անոր կեանքին մէջ ես եղայ մի ակնթարթ, բայց նա եղաւ մնայուն քանդակ իմ հոգում»։ Ապա մատնանշում կատարեց Կարապենցի արմատներով Արցախցի ըլլալուն մասին, նշելով՝ Արցախի նոր պատմութեան նկատմամբ Կարապենցի ունեցած ամուր հաւատքն ու այդ ուղղութեամբ դրսեւորած համոզումները։ Դոկտ. Ղազարեանց աւելցուց , որ Կարապենց լաւապէս կը գիտակցէր այն ճշմարտութեան, թէ.- « Արցախի պոռթկումից յետոյ ետ դարձ չկար, ինչպէս՝ հրաբուխից ժայթքած լաւան»։
Խօսքի աւարտին՝ յարգելի բանախօսը անգամ մը եւս շեշտեց, թէ Կարապենցի գրիչը պայքարի ուղին բռնած՝ խրոխտ քայլերով յառաջացած է դէպի յաւերժութիւն։
Ձեռնարկի աւարտին, մասնաճիւղի ատենապետուհին, իբրեւ գնահատում, դոկտ. Ղազարեանցին նուիրեց Յակոբ Կարապենցի բարեկամ, համազգայնական՝ Գալուստ Պապեանի «Ներաշխարհիս Ոսպնեակէն» լուսանկարներու հատորէն օրինակ մը։
Ձեռնարկի վերջին բաժինով հանդէս եկաւ Անթուանէթ Մանուկեան, դաշնամուրի վրայ ներկայացնելով՝ «Prelude h- moll» կտորը. ապա ներկաները ունկնդրեցին Յակոբ Կարապենցի «Մի Մարդ ու Մի Երկիր» հատորէն՝ «Տղաս, Արեւն ու Ծովը» բաժինի ընթերցանութիւնը՝ ներկայացմամբ՝ Գրական յանձնախումբի անդամներէն՝ Վարագ Պապեանի։
Յակոբ Կարապենց իր կեանքի բոլոր ժամանակահատուածներուն պայքարեցաւ յանուն «Մէկ ժողովուրդ, մէկ հայրենիք» նշանաբանի իրականացման համար։
Պէթթի Փանոսեան