Կազմակերպութեամբ ու նախաձեռնութեամբ Համազգային Հայ Կրթական Մշակութային Միութեան Լիբանանի Շրջանային վարչութեան ու ՀԲԸՄ-ի մշակութային յանձնախումբին, Հինգշաբթի, 12 Ապրիլ 2012-ի երեկոյեան ժամը 8:00-ին տեղի ունեցաւ մշակութային յատուկ ձեռնարկ մը` կատարողութեամբ միջազգային հանրածանօթ սոփրանօ Յասմիկ Պապեանի եւ լիբանանահայ վաստակաւոր խմբավար մայեսթրօ Յարութ Ֆազլեանի:
Տէր եւ տիկին Յովիկ եւ Մարալ Քիւրքճեաններու հովանաւորութիւնը վայելած այս ձեռնարկին սկզբնաւորութեան, մայեսթրօ Յարութ Ֆազլեանի բեմ ժամանումն ու ծափերու ողջոյնի տարափին տակ անոր թեթեւ խոնարհումը կը յիշեցնէր, թէ «սկսած է» առանց բացման խօսքի ու առանց քայլերգի մեկնարկած այս ձեռնարկը: Տասը վայրկեանի դադարի մը ընդմիջումով, շուրջ երկու ժամ տեւողութեամբ Պապեան-Ֆազլեան զոյգը, ընկերակցութեամբ լիբանանեան ֆիլհարմոնիք նուագախումբին (օրքեստրային) հմայեց լիբանանահայ եւ լիբանանցի արուեստասէր հանրութիւնը: Մթնոլորտը խիստ տպաւորիչ էր. հոն էին բոլորը, երեսփոխանը, նախարարը, դեսպանը, ակադեմականը, կրթական մշակը, հոգեւորականը, ազգային հասարակական գործիչը եւ միութենական ներկայացուցիչը: Այլ խօսքերով` լիբանանահայ արուեստասէր ընտրանին:
Միջազգային զանազան մրցանակներու արժանացած սոփրանօ Յասմիկ Պապեան, մայեսթրօ Յարութ Ֆազլեանի եւ Լիբանանի ֆիլհարմոնիք նուագախումբին հետ ներկաները իր զգլխիչ ձայնով փոխադրեց դասական երաժշտութեան տիտաններու` Արամ Խաչատուրեանի, Կոմիտասի, Առնօ Պապաճանեանի, Բարսեղ Կանաչեանի, Վինչենսօ Պելինիի, Սիլիայի, Վերտիի, եւ այլոց աշխարհը… հմայելով ներկաները, որոնց քար լռութիւնը կը խզուէր միայն Պապեանի ու Ֆազլեանի բեմ ժամանումի ծախողջոյններով: Յուզիչ էր յատկապէս Յասմիկ Պապեանի մեներգած «Օրօր»-ը, որ հայ մայրերուն ողջոյնի լար մըն էր, յուզիչ լար մը, որ կը յիշեցնէր հայոց պապենական օրհնուած տունը, ուր անպակաս կ՛ըլլար հայ մօր մրմնջած ու իր բալիկին ուղղուած օրհնութեան այդ խօսքը:
Համաշխարհային վարկ վայելող սոփրանօ Յասմիկ Պապեանի երաժշտական նուաճումներու 25-ամեակը չէր վրիպած պատկան մարմիններու ուշադրութենէն: Բազմիցս մրցանակներու, շքանշաններու եւ գնահատական խօսքերու թէ օրհնագիրի արժանացած այս արուեստագիտուհին անգամ մը եւս կը մեծարուէր` մայեսթրօ Ֆազլեանի եւ լիբանանեան ֆիլհարմոնիք նուագախումբին կողքին: Արդարեւ, յատուկ այս առիթով, շնորհաւորական, ողջոյնի խօսքեր ու գիրեր յղած էին լիբանանի մշակոյթի նախարար Կապի Լայեուն, որ հպարտ կը զգար ու իր եւ համայն լիբանանցիներուն անունով իր երախտիքն ու շնորհակալութիւնը կը յայտնէր, որ Պապեան ելոյթ կ՛ունենար լիբանանեան բեմէն: Նմանապէս, Հայաստանի մշակոյթի նախարար Յասմիկ Պօղոսեան, սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեան եւ Լիբանանի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Աշոտ Քոչարեան յատուկ ողջոյնի գիրերով կը շնորհաւորէին արուեստագիտուհին: Այս բոլորը կը պսակադրուէր Կոմիտաս արք. Օհանեանի ընթերցած Արամ Ա. կաթողիկոսի օրհնութեան գիրով, որով վեհափառը 2004-ին «Ս. Մեսրոպ Մաշտոց» շքանշանի տուչութենէն ետք անգամ մը եւս կ՛ողջունէր հայազգի այս եզակի արուեստագիտուհին:
Աւարտին ՀԲԸՄ-ի անունով Արմէն Իւրնէշլեան, իսկ Համազգայինի անունով Սիլվա Քիւրքճեան շնորհակալութիւն յայտնեցին ներկաներուն, արուեստագէտներուն եւ յատկապէս օրուան հովանաւոր Յովիկ եւ Մարալ Քիւրքճեան ամոլին: Քիւրքճեան այս առիթով ընթերցեց Հայաստանի մշակոյթի եւ սփիւռքի նախարարներու ողջոյնի խօսքերը` միաժամանակ անգլերէնով փոխանցելով իր փակման խօսքը:
(Քաղուած՝ Ազդակ օրաթերթէն)