Շաբաթ, 31 Հոկտեմբեր 2015-ի երեկոյեան ժամը 7։15ին, Ֆիքսի «Արամ Մանուկեան» ակումբի «Աւետիքեան» սրահէն ներս, տեղի ունեցաւ Յունաստանի Համազգայինի Երաժշտական դպրոցի հանդէսը։ Ծնողներ, հարազատներ եւ քաջալերող հանդիսատեսներ վայելեցին աշակերտներու աշխատանքի արդիւնքը։
Համազգայինի Երաժշտական դպրոցը գեղեցիկ աշխատանք մըն է, որ լրջութեամբ կը կատարուի վերջին տարիներու ընթացքին, ձգտելով երեւան բերել իւրաքանչիւր աշակերտի ձիրքն ու տաղանդը, միաժամանակ իրենց ծանօթացնելով հայկական դասական ու ժողովրդային երաժշտութեան զմայլելի աշխարհը։
Ստորեւ կը հրատարակենք օրուան հանդիսավար ընկ. Մարի Միքայէլեանի բացման խօսքը.
Հազիւ մի քանի տարուայ կեանք ունի Յունաստանի Համազգայինի Շրջանային Վարչութեան Երաժշտական դպրոցը, որ համազգայնական ընտանիքի անդամներուն բուռն փափաքն ու ցանկութիւնն էր երկար ժամանակէ ի վեր։
Հայկական մշակոյթին ծառայութիւնը անկատար պիտի ըլլար մեր գաղութէն ներս, եթէ մեր նոր սերունդին տաղանդներն ու ձիրքերը մշակելու երաժշտական յատուկ դպրոց գոյութիւն չունենար։ Այս իմաստով, եւ մանաւանդ հայ մշակոյթի արժէքն ու յարատեւութիւնը երիտասարդներուն փոխանցելու, անով սնանելու եւ զարգանալու առաքելութեան հաւատարիմ՝ Համազգայինի Շրջանային Վարչութիւնը նախաձեռնեց Երաժշտանոցի կայացման աշխատանքին եւ ուրախութեամբ կը հաստատէ անոր գործունէութեան շարունակութեան հրամայականը, որպէս մեր համայնքէն ներս անհրաժեշտ ու գնահատելի ծառայութիւն։