Կազմակերպութեամբ Համազգայինի «Գասպար Իփէկեան» թատերախումբի վարչութեան, մտաւորական, թատերագիր եւ հրապարակագիր Արա Արծրունիի մահուան քառասունքին առիթով յուշ երեկոյ մը տեղի ունեցաւ, Կիրակի 9 Դեկտեմբեր 2018-ին, Համազգայինի «Լ. Շանթ» կեդրոնի «Գ. եւ Հ. Արմէնեան» սրահին մէջ:
Երեկոյին ներկայ էին` Յովակիմ աբղ. Բանճարճեանը, որ կը ներկայացնէր Արամ Ա. կաթողիկոսը, Յակոբ քհն. Պզտիկեանը, որ կը ներկայացնէր Նարեկ արք. Ալեէմէզեանը, Արա Արծրունիին ընտանեկան պարագաներ, Համազգայինի Կեդրոնական եւ Շրջանային վարչութիւններու ներկայացուցիչներ եւ Արա Արծրունիի բարեկամներ:
Բացման խօսքով հանդէս եկաւ թատերախումբի վարչութեան ատենապետ Մարտիկ Տեմիրճեանը, որ հակիրճ տողերով ներկայացուց վերջին շրջանին Արա Արծրունիի եւ թատերախումբին միջեւ ստեղծուած կապին` ամրութիւնը բազմաթիւ գործակցութիւններու շնորհիւ:
Երեկոյեան բանախօսներն էին Կարօ Յովհաննէսեանը եւ Վարուժան արք. Հերկելեանը: