Կիրակի, 7 Փետրուար 2016-ին վարուժանական ուրոյն մթնոլորտ կը տիրէր Համազգայինի «Լեւոն Շանթ» կեդրոնի «Գ. եւ Հ. Արմէնեան» սրահին մէջ, ուր զետեղուած էին տաղանդաշատ դերասան եւ լիբանանահայ թէ լիբանանեան թատերական կեանքին մէջ իր ուրոյն ներդրումն ու անջնջելի դրոշմը ունեցած Վարուժան Խտըշեանի բեմադրած թատերախաղերուն աֆիշները, թատրոններուն լուսանկարները, իր կեանքը մարմնաւորող պատկերներ, որոնք այս վաստակաւոր անձնաւորութեան անանձնական կեանքին պատմութիւնը կը հիւսէին: Զետեղուած լուսանկարներուն ընդմէջէն կարելի էր տեսնել Վարուժան Խտըշեանը բեմին վրայ ու անոր ետին, իր անձնական կեանքի ամէնէն յատկանշական վայրկեանները` Հայաստանի մէջ թէ սփիւռքի, յատկապէս Լիբանանի, ուր խտըշեանական ներդրումը անջնջելի եղաւ եւ այդպէս ալ պիտի մնայ:
Յիշատակի ձեռնարկը սկսաւ երեկոյեան ժամը 6:00-ին, երբ արուեստասէրները առիթ ունեցան ծանօթանալու Վարուժան Խտըշեանի ներկայացումներուն եւ լուսանկարներուն: Երեկոյեան ժամը 7:00-ին սկսաւ պաշտօնական բաժինը, երբ նախ ցուցադրուեցաւ տեսերիզ մը, որուն մէջ արձանագրուած էին հանգուցեալ մտաւորական Գրիգոր Շահինեանի` Վարուժան Խտըշեանի մասին վկայութիւնները:
«Թատրոն 67» թատերախումբի անդամներուն անունով սրտի խօսք արտասանեց Մարալ Մխսեան: Ան դիտել տուաւ, թէ ինչպէ՛ս Վարուժան Խտըշեան թատերական ասպարէզ մտնելուն առաջին իսկ օրէն գրաւած է իր շրջապատին ուշադրութիւնը իր հզօր անհատականութեամբ, ընկերային ջերմ մթնոլորտ ստեղծելու եւ պահելու կարողութեամբ: Ան ըսաւ, թէ Վարուժան Խտըշեան դերասան պատրաստելու յատուկ կարողութիւն ունէր: Խստապահանջ էր դերասաններուն հետ, բայց լաւապէս կը գուրգուրար իւրաքանչիւրին վրայ:
Մ. Մխսեան նշեց, որ Վարուժան Խտըշեան բեմադրած է բազմաթիւ թատերգութիւններ, որոնք իրենց դրոշմը ձգած են գաղութի մշակութային կեանքին վրայ եւ նպաստած անոր վերելքին: Ան ոչ միայն բեմադրիչ էր, այլ նաեւ դերուսոյց, գեղարուեստական ղեկավար:
Յաջորդ բաժինով Զաւէն Պաաքլինի եւ Յովսէփ Գափլանեան խոր յուզումով կարդացին Վարուժան Խտըշեանին մասին յուշեր ու վկայութիւններ, որոնք գրուած ու ղրկուած են աշխարհի չորս ծագերէն` մեծ բեմադրիչին մահուան յիշատակին առիթով: