Կռուազան եւ անգոհունակ անձերու, ինքնահաւան մարդկանց, անկարող ժողովականներու, ճարպիկ վաճառականներու եւ անյաջող երգիչներու կերպարներ բեմ բարձրացան՝ զաւեշտի երեկոյ մը ներկայացնելու համար Համազգայինի «Յ. Թումանեան» մասնաճիւղին կողմէ պատրաստուած թատերական ձեռնարկին ընթացքին, Հոկտեմբեր 7-ին, Հայ Քոյրերու վարժարանի սրահին մէջ։