Նախաձեռնութեամբ Համազգայինի Կեդրոնական Վարչութեան եւ Համազգայինի Մ. եւ Հ. Արսլանեան Ճեմարանի տնօրէնութեան, Ուրբաթ, 28 Դեկտեմբեր 2012-ի երեկոյեան ժամը 7:00-ին, բացումը կատարուեցաւ «Հայ ճեմարանի երախտիքի ցուցանակ»-ին եւ «Սուրէն եւ Սոնիա Սարգիսեան համակարգչային աշխատասենեակ»-ին` Համազգայինի Մ. եւ Հ. Արսլանեան Ճեմարանին մէջ: