Հրաւէրով «Սամիր Քասիր» հիմնադրամի «Պէյրութ Սփրինկ Ֆեսթիվըլ 2018» փառատօնի կազմակերպիչներուն, նաեւ Յովհաննէս Թումանեանի անուան պետական տիկնիկային թատրոնի աշխատանքներուն ծիրին մէջ, թատերական եւ բեմադրութեան ոլորտներու մէջ բազմաթիւ մրցանակներու, նաեւ 2013-ին վաստակաւոր դերասանի կոչումին արժանացած, Յովհաննէս Թումանեանի անուան պետական տիկնիկային թատրոնի աշխատակից, հայրենի տաղանդաւոր արուեստագէտ Նարինէ Գրիգորեան` Լիբանանի մէջ ներկայացուց «Թռիչք մը դէպի քաղաք» եւ «Ընտանիքս ճամպրուկի մէջ» մենաներկայացումները:
Հինգշաբթի, 7 Յունիս 2018-ին, երեկոյեան ժամը 9:00-ին, «Թուրնըսոլ» թատերասրահին մէջ, ներկայութեամբ մեծ թիւով հայ եւ օտար հանդիսատեսներու, Նարինէ Գրիգորեան եւ Սերկէյ Թովմասեան հանդէս եկան «Թռիչք մը դէպի քաղաք» ներկայացումով, որ վերջին շրջանին մեծ յաջողութիւններ արձանագրած է Հայաստանի եւ այլ երկիրներու մէջ, ինչպէս Թունուզ, Եգիպտոս եւ այլն: Ելոյթի աւարտին ներկաները յոտընկայս ծափողջոյններով բարձր գնահատեցին ներկայացումը:
Ուրբաթ, 8 Յունիսին, երեկոյեան ժամը 9:00-ին, «Յակոբ Տէր Մելքոնեան» թատերասրահին մէջ, գործակցութեամբ «Սամիր Քասիր» հիմնադրամի «Պէյրութ Սփրինկ Ֆեսթիվըլ 2018» փառատօնի եւ Համազգայինի «Գասպար Իփէկեան» թատերախումբի վարչութեան, Նարինէ Գրիգորեան հանդէս եկաւ «Ընտանիքս ճամպրուկի մէջ» վաւերագրական մենաներկայացումով, որուն համար ան ստացած է Ալեքսանտր Գրիգորեանի անուան յատուկ «Արտաւազդ» մրցանակը:
Մանրամասնութիւնները կարդալ այստեղ: