«Բագին» գրական հանդէսի կազմակերպած ընթերցման հանդիպումներուն ծիրին մէջ, Չորեքշաբթի, 11 Ապրիլ 2012-ի երեկոյեան ժամը 7:00-ին, տեղի ունեցաւ «Բագին»-ի խմբագիր Յակոբ Պալեանի գրական վերջին վէպին ներկայացումը:
Ձեռնարկին բացումը կատարեց «Բագին»-ի փոխ խմբագիր Սեդա Գրիգորեան։ «Ամերիկա, Ամերիկա… Երազ եւ խորտակման լքումներ» խորագիրը կրող վէպը Պալեանի գրական վէպերուն երկրորդն է` 2009-ին լոյս տեսած «Անանուններու կեանքի շերտը» խորագրեալ անոր առաջին վէպէն ետք:
Պալեանի գրական այս նոր վէպը ներկայացուց Սագօ Արեան, որ իր խօսքի առաջին մասով հակիրճ ձեւով ներկայացուց վէպին նիւթը, որուն հերոսը` երիտասարդ Լեւոն Արիսեան, պայուսակով մը կը մեկնի Ամերիկա` իր ետին թողելով իր կեանքի խոստացեալ ընկերուհին` Արմինէն, անպայման վերադառնալու խոստումով: Վէպի ամփոփ պատումէն ետք կարդացուեցան հատուածներ` գիրքի զանազան մասերէն:
Արեան դրուատիքով արտայայտուեցաւ Յակոբ Պալեանի գրական արժանիքներուն մասին` վեր առնելով անոր իւրայատուկ ոճն ու պատգամ փոխանցելու իր հմտութիւնը:
Սեդա Գրիգորեան այս առիթով ընթերցեց ծանօթ մտաւորական Թորոս Թորանեանի գրած յատուկ գրախօսականը` Պալեանի այս վէպին մասին: Թորանեան նշելով 1960-ական թուականներէն արմատ նետած իր բարեկամութիւնը Պալեանի հետ, ուշագրաւ ակնարկով նշած է նաեւ, թէ երէկի հրապարակագիրին մէջ շնչած է նաեւ յաջող գրագէտը:
Ըստ Թորանեանի, Պալեանի այս գործը կը ցոլացնէ սփիւռքահայուն տառապանքը: Հերոսը` Լեւոն Արիսեան, կ՛ապրի հոգեկան առանձնութիւն մը, անոր բոլոր երազները կը փշրուին ամերիկեան սալայատակին վրայ:
Թորանեան նաեւ դրուատած է Պալեանի լեզուին ոճական հմայքը` վէպը նկատելով գրական յաջող գործ մը:
Այս առիթով ներկաներուն փափաքով խօսք առաւ նաեւ Յարութ Ա. սրկ. Շերնեզեան, որ անդրադարձաւ Պալեանի շօշափած հիմնահարցին` արտագաղթի երեւոյթին, որ թէեւ նորութիւն չէ հայ իրականութեան մէջ, բայց աւելի թափ ու ծաւալ ստացած է. վարդագոյն Ամերիկայի մը երազանքը: Ըստ Շերնեզեանի, Յակոբ Պալեանի 208 էջերէ բաղկացած այս վէպին մէջ հերոսը ծունկի եկած է իր երազներուն տակ. գեղեցիկ ու հեզասահ լեզուով Պալեան հայ երիտասարդութիւնը կը զգուշացնէ ձուլումի վտանգէն: Շերնեզեան հիմնական երեք կէտերու մէջ ամփոփեց իր գրախօսականը, նախ` հսկայական Ամերիկան իր բոլոր բարիքներով ու հիւրասիրութեան երեւոյթներով խոտոր կը համեմատի իրականութեան, հայ իրականութեան: Անիկա կը թալանէ մարդուն, հա՛յ մարդուն ինքնութիւնը: Վերջինս հայ է սոսկ անունով:
Երկրորդ, հայկականութեան տենչը հզօր է հերոսի հոգեկան ներաշխարհին մէջ: Ան նոյնիսկ օտարութեան մէջ հայկական եկեղեցի կը փնտռէ: Իր դիւրաբեկ յոյսերուն վրայ կը փորձէ երազ մը կերտել:
Երրորդ` հերոսի կեանքի վերջին շրջանի ամայութիւնը սեւ ծուխի պէս տիրական է:
Լիբանանահայ արուեստագէտ Արա Ազատի գծագրած կողքը իր կարգին կը յամենայ ու «կը ձայնակցի» Յակոբ Պալեանի գրական վէպի բովանդակութեան:
Աւարտին եղան կարծիքներու փոխանակումներ ու քննարկումներ, որոնց ընթացքին վէպին հերոսը ներկայացուեցաւ իբրեւ «պարտեալ մը» եւ ժխտական տիպար մը: