ԱՄՆ եւ Գանատա
Շրջանային Վարչութիւններ
«Համազգային»ի Կրթական եւ Մշակութային Միութեան Նիւ Եորքի Մասնաճիւղը ծրագրած է կազմակերպել մանկապատանեկան երգչախումբ մը: Այս առիթով Հայաստանէն հրաւիրուած է հանրածանօթ թենոր՝ Գէորգ Հաճեան ղեկավարելու երգչախումբը։
Այս հսկայական աշխատանքին հիմնական հովանաւորն է՝ Հ. Յ. Դ. Նիւ Եորքի Արմէն Գարօ Կոմիտէութիւնը, համագործակցութեամբ՝ Սուրբ Լուսաւորիչ Մայր եկեղեցւոյ:
Գէորգ Հաճեան, ծնած է Այնճար, Լիբանան, 1971-ին: Նախնական ուսումը ստացած է տեղւոյն «Յառաջ» եւ «Գալուստ Կիւլպէնկեան» վարժարանին մէջ: 1984-ին ընդունուած է Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան «Զարեհեան» Դպրեվանքը, որուն ընթացքը ամբողջութեամբ աւարտած է 1992-ին:
Յաճախած է Լիբանանի Համազգայինի «Բարսեղ Կանաչեան» երաժշտանոցը, հետեւելով հանրածանօթ խմբավար՝ Յարութիւն Թօփիկեանի դասաւանդութեանց: