Հինգշաբթի, 1 Մարտ 2012-ի երեկոյեան Համազգայինի «Լիւսի Թիւթիւնճեան» ցուցասրահին մէջ տեղի ունեցաւ Շարթի գեղանկարներու ցուցահանդէսի բացումը, ներկայութեամբ նախարարներու, բարձրաստիճան հիւրերու, Շարթի արուեստի երկրպագուներու եւ օրուան հիւրերուն` յատուկ ցուցահանդէսին ներկայ գտնուելու համար Փարիզէն ու Լոնտոնէն ժամանած Րաֆֆի եւ Փաթրիք Շարթերու:
Շարթի որդիները նամակ մը պատրաստած էին` ուղղուած բոլոր այն մարդոց, որոնք տարիներու ընթացքին արժեւորած են Շարթի արուեստը, որոնց շնորհիւ Շարթ գտած է իր արժանի տեղը իր ծննդավայրին մէջ, ինչպէս նաեւ բոլոր անոնց, որոնք նախաձեռնած են անոր յիշատակին նուիրուած այս ցուցահանդէսը:
«Սըրսոք» թանգարանի տնօրէն, Համազգայինի «Լիւսի Թիւթիւնճեան»
ցուցասրահի յանձնախումբի անդամ Սիլվա Աճեմեան, իր խօսքին մէջ արժեւորելով Շարթ արուստագէտն ու անոր արուեստը, նշեց, որ ներկայացուած գործերը լաւագոյն պատկերացումը կու տան Շարթի անցած ճամբուն մասին: «Այս ցուցահանդէսը կը յիշեցնէ Շարթի` տասնեակ տարիներ առաջուան զանազան ցուցահանդէսները, որոնք տեղի ունեցած են Լիբանանի մէջ: Անոր գեղանկարներուն մէջ լաւագոյն ձեւով համադրուած են թեքնիքը, գոյներն ու ըսելիքները: Ծնած ըլլալով Լիբանանի մէջ` Շարթ իր տեղը գտած է լիբանանեան հաւաքածոներու մէջ, միաժամանակ մնալով «Էքոլ տը Փարի»-ի լաւագոյն ներկայացուցիչներէն», ըսաւ Սիլվա Աճեմեան: Ան Շարթը նկատեց Ֆիկիւրաթիւ արուեստի նոր շրջանի կարեւոր ներկայացուցիչներէն մէկը` աւելցնելով, որ անոր ձեռագիրը կ՛երեւի թէ՛ իւղաներկերուն, թէ՛ ջրաներկերուն եւ թէ՛ մատիտանկարներուն մէջ:
Բացման հանդիսութեան ընթացքին, Շարթի որդիները Համազգայինի կողմէ պարգեւատրուեցան յուշանուէրով մը:
Համազգայինի «Լիւսի Թիւթիւնճեան» ցուցասրահի տնօրէն Յակոբ Հաւաթեան նշեց, որ այս ցուցահանդէսով չ՛աւարտիր Շարթի գործերը արուեստասէրին ներկայացնելու Համազգայինի նախաձեռնութիւնը: Յառաջիկային «Լիւսի Թիւթիւնճեան» ցուցասրահին մէջ կրկին բացումը պիտի կատարուի ցուցահանդէսի մը` Շարթի յետմահու առաջին ցուցահանդէս վաճառքը, որուն ընթացքին պիտի ցուցադրուին մեծ գեղանկարիչի` տակաւին չցուցադրուած իւղաներկ գործերու հաւաքածոյ մը: