Շաբաթ, 28 Մարտ 2015-ի երեկոյեան Պէյրութի ամերիկեան համալսարանի «Էսեմպլի Հոլ» սրահին մէջ գտնուելու բախտն ու առիթը ունեցողները կրցան լիովին ըմբոշխնել, ապրիլ ու վերանալ սոփրանօ Շողիկ Թորոսեանի հետ, որ աւելի քան երկու ժամ տեւած մենահամերգին ընթացքին կրցաւ առաջին վայրկեանէն մինչեւ վերջինը գրաւել հանդիսատեսը: Սովորական երեկոյ չէր, որովհետեւ արհեստավարժ արուեստագէտ Շողիկ Թորոսեան կրցաւ հայ դասական երգացանկի ամէնէն արժէքաւոր եւ պատգամաբեր երգերով` Կոմիտասի ստեղծագործումներով, ազգային ու մարդկային ապրումներ, զգացումներ եւ մտածումներ մարմնաւորել` շնորհիւ իր բացառիկ ձայնին ու մեկնաբանելու ուրոյն կարողութեան: Ամբողջ համերգին ընթացքին Շողիկ Թորոսեան նոյն ազնուութեամբ, նոյն գեղեցկութեամբ եւ նոյն վարպետութեամբ կրցաւ պահել երաժշտական բարձր մակարդակ` թափանցելով մինչեւ սրտին խորերը սրահը լեցուցած բազմութեան:
Համերգը կազմակերպած էր Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութիւնը` Պէյրութի ամերիկեան համալսարանին հետ գործակցաբար, Յովիկ եւ Մարալ Քիւրքճեաններուն հովանաւորութեամբ` մեկնելով հետեւեալ սկզբունքէն. «Հայ մշակոյթը իր բոլոր մարզերով դարերու ընթացքին ձեւաւորուեցաւ, հարստացաւ եւ Կոմիտասի հանճարեղ մշակումներով համաշխարհային համբաւին ու գնահատանքին արժանացաւ:1915-ի ցեղասպանութիւնը չյաջողեցաւ բնաջնջել մեր մշակոյթն ու դարաւոր հարստութիւնը: Ապրիլին կը յաջորդէ մայիսը, եւ մենք մեր մշակոյթով, երգերով եւ երաժշտութեամբ պիտի գոյատեւենք»: