Համազգային Հայ Կրթական եւ Մշակութային միութեան «Սանահին» մասնաճիւղի վարչութեան կազմակերպութեամբ, Չորեքշաբթի 20 Ապրիլ 2017-ին, երեկոյեան ժամը 8:00-ին, Հայ Կեդրոնի «Աւետիս Ահարոնեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ սփիւռքահայ փիլիսոփայ եւ գրականագէտ Մարկ Նշանեանի «Պատկեր Պատում Պատմութիւն» շարքի Բ. հատորին շնորհահանդէսը:
Սոյն գրական ձեռնարկին բարի գալուստի խօսքով հանդէս եկաւ վարչութեան մօտ գրական յանձնախումբի ներկայացուցիչ Անահիտ Պալեան: Ան հակիրճ կերպով անդրադարձաւ «Պատկեր Պատում Պատմութիւն» շարքի Ա. Հատորին եւ նշեց թէ հեղինակը իր Բ. Հատորին մէջ կ'անդրադառնայ 20-րդ դարու արեւմտահայ չորս վիպագիրներու՝ Զապէլ Եսայեանի, Գիրգոր Պըլտեանի, Շահան Շահնուրի եւ Զարեհ Որբունիի արտադրութիւններուն: Ան ամփոփ ձեւով ներկայացուց Դոկտ. Մարկ Նշանեանը եւ բեմ հրաւիրեց անոր գործերուն քաջածանօթ եւ գրասէր՝ Րաֆֆի Աճէմեանը, որ յաւելեալ տեղեկութիւններ փոխանցելէ ետք հեղինակին մասին, զինք հրաւիրեց ներկայացնելու իր «Պատկեր Պատում Պատմութիւն» գիրքին Բ. Հատորը:
Դոկտ. Մ. Նշանեան իր խօսքի սկիզբը ներկայացուց, թէ ի՛նչ է վերապրող լեզու մը, եւ անդրադարձաւ լեզուի եւ պատկերի արխիւացումի հարցին. ապա պատմական մը կատարեց իր «Պատկեր Պատում Պատմութիւն» շարքի Ա. եւ Բ. հատորներուն մասին, բացատրելով, թէ ի՛նչպէս ծնան այս գիրքերը: Ան նշեց թէ վերապրողի եւ պատկերի մասին կատարուած աշխատանքները ֆրանսական գրականութեան մէջ ընթացած են բարեկամական ձեւով, մինչ արեւմտահայ գրողներու մօտ եղած են մրցակցութիւններով. մրցակցութիւն՝ այր ու կնոջ միջեւ, վերապրողին եւ վկային միջեւ, եւ ընդհանրապէս գրողներուն՝ իրենք իրենց միջեւ:
Իր խօսքը փակելէ առաջ, Դոկտ. Նշանեան հրաւիրեց գաղութիս ծանօթ քանդակագործներէն՝ Եւգինէ Տէ Կրէէֆը, փոխանցելու իր տպաւորութիւնները Զարեհ Որբունիի մասին, որովհետեւ Նշանեանի հատորին մէջ պատկերներուն շարքին դրուած է անոր քանդակը:
Ձեռնարկի աւարտին առիթ տրուեցաւ հարցումներու. Դոկտ. Մարկ Նշանեան յատուկ շնորհակալութիւն յայտնեց «Սանահին» մասնաճիւղի վարչութեան, գրական յանձնախումբին եւ ներկաներուն, ապա մակագրեց վաճառուած գիրքերը:
«Սանահին» մասնաճիւղի վարչութիւն