Համազգայինի Փարիզի մասնաճիւղի հրաւէրով Երկուշաբթի, 5 Նոյեմբեր 2018-ին, Փարիզի Հայ Մշակոյի տան «Տէմիրեան» սրահին մէջ կոկիկ բազմութեան մը ներկայութեան պատմաբան Արմէն Մութաֆեան ներկայացուց Մայիս 2018ին իր հեղինակութեամբ լոյս տեսած «La saga des Arméniens de l'Ararat aux Carpates» (Արարատէն Քարաթներ Հայութեան պատումը) 445 էջ բովանդակող նկարազարդ հատորը:
Երեկոյին բացումը կատարեց Հերա Թոսունեան եւ նշեց, թէ այս հետաքրքրական նիւը ցարդ շատ քիչ պեղուած է պատմաբաններու կողմէ եւ դէպի արեւելեան Եւրոպա հայութեան տարագրութեան մասին ինք ծանօթութիւններ քաղած է Սիմոն Վրացեանի «Կեանքի ուղիներով» գիրքէն, երբ 11-րդ դարու կէսերէն սկսեալ հայութիւնը Կովկասէն անցնելով բնակութիւն հաստատած է այդ շրջանի երկիրներուն մէջ: Հերա Թոսունեան բեմ հրաւիրեց Ա. Մութաֆեանը: Յարգելի պատմաբանը շուրջ մէկուկէս ժամուան ընթացքին սփռուած պատկերներու ընդմէջէն ներկայացուց Քարփաթեան Եւրոպայի հայկական սփիւռքի պատմականը, թէ ե՞րբ եւ ինչո՞ւ հայ համայնքը կայք հաստատած է այդ շրջանին մէջ, ո՞ր ճամբաներէն անցած է, ինչպիսի՞ յարաբերութիւն ունեցած է այլ փոքրամասնութիւններու հետ եւ ի՞նչ տուած է տեղական մշակոյթին: Միջնադարէն սկսեալ Իտալիոյ, Խրիմի եւ արեւելեան Եւրոպայի մէջ կեդրոնացած են հայկական համայնքներ: Քարփփաթեան շրջանը կը համապատասխանէ ներկայի Ռումանիոյ, արեւմտեան Ուքրաինայի (մինչեւ 1918 Լեհաստանի մաս կը կազմէր) եւ Լեհաստանի արեւմտեան բաժինին:
Ներկաները մեծ հետաքրքրութիւն ցուցաբերեցին այս նիւթին նկատմամբ: Ձեռնարկի վերջաւորութեան ծախուեցան բոլոր գիրքերը: Գիրքին առաին հրատարակութիւնը (հազար օրինակ) արդէն սպառած ըլլալով, յառաջիկայ Նոյեմբեր 20-ին լոյս պիտի տեսնէ երկրորդ հրատարակութիւնը: