Կլիման աննպաստ է. ձիւնամրրիկը ճերմակով պատած է դուրսը։ Ներսը՝ Հայ Երիտասարդական Կեդրոնի գաւիթին մէջ, հայ երաժիշտներու նուիրուած՝ «Պարն ու Մեղեդի»ն արդէն իսկ ջերմ մթնոլորտ մը ստեղծած է։
Մուտքի ձախին, իր երաժշտութեան աշխարհին մէջ խորասուզուած, մոմի աղօտ լոյսին տակ, մելանը ձեռին, վեղարը գլխուն՝ Կոմիտաս Վարդապետն է (դերակատար՝ Սեւակ Յարութիւնեան). թեթեւ մը գլուխը վերցնելով կը նայի զինք բարեւողին ու անմիջապէս կը վերադառնայ իր ստեղծագործութեան։ Մուտքի աջին, եռոտանիներու վրայ Համազգայինի կերպարուեստի աշխատանոցի մասնակցողներուն կողմէ կեանքի կոչուած դիմանկարներն են Կոմիտասի, Արամ Խաչատուրեանի, Սայաթ Նովայի, Խաչատուր Աւետիսեանի, Առնօ Բաբաջանեանի, Արմէն Տիգրանեանի, Տիգրան Չուխաճեանի, Ալեքսանտր Սպենդիարեանի, Ռոպէրթ Ամիրխանեանի, Տիգրան Մանսուրեանի։ Խմիչքը ձեռին, հետաքրքրուողներ յամենալով կը պտըտին գեղանկարչութիւններուն շուրջ. կարծիքներու փոխանակում մը ծայր կ՚առնէ.- Կոմիտասը գեղեցիկ է.- Չուխաճեանը շատ լաւ է. - ես Խաչատուրեանը սիրեցի... ։ Ասդին, Սայաթ Նովան է (դերակատար՝ Անթոն Մարտիրոսեան) որ իր հրապուրիչ ժպիտով կը գրաւէ շուջինը իսկ անդին՝ Արամ Խաչատուրեանն է (դերակատար՝ Անդրանիկ Գունտաքճեան), երկար բաճկոնով, տիրապետող դէմք մը՝ որ թեթեւ մը բարեւելով կ՚անցնի։ Դիմացը, ընդունելութեան ճոխ սեղանն է ուր ստամոքսները թարմացնելու համար հաւաքուած են մեծ ու փոքր։
Կ՚ուղղուինք դէպի թատերասրահ ու կը տեղաւորուինք մեր տոմսերուն համապատասխան՝ թուագրուած աթոռներուն։ Դասական երաժշտութիւնը սրահը պատած է. արագ ակնարկ մը յայտագիրին՝ մեզ կը հաւաստիացնէ որ իւրայատուկ երեկոյի մը ականատես պիտի ըլլանք, ողողուն՝ արհեստավարժ արուեստագէտներով ու խոստմնալից երիտասարդներով, տասը երաժիշտներու ստեղծագործութիւններով. երեկոյ մը, որ անկասկած կ՚ենթադրէ հսկայական, աչալուրջ աշխատանք։
Կ՚արժէ փակագիծ մը բանալով նշել, որ «Պարն ու Մեղեդին» մտայղացումն է Համազգայինի Էրեբունի պարախումբի եւ պարարուեստի ուսումնարանի գեղարուեստական ղեկավար ու պարուսոյց՝ Լոռի Նաճարեանի. ծրագրումի եւ կազմակերպչական աշխատանքի ետին կայ այս յայտագիրին համար յատկապէս քով քովի եկած երիտասարդ անդամներէ կազմուած յանձնախումբ մը, որուն նաեւ մաս կը կազմեն պարախումբի յանձնախումբէն անդամներ։
Քիչ անց, Արամ Խաչատուրեանի կերպարը բեմ կը բարձրանայ ու ցպիկը ձեռքին, վճռական շարժումով մը սկիզբ կու տայ «Պարն ու Մեղեդի»ին։ Վարագոյրը կը բացուի մեր առջեւ պարզելով ձախին՝ դաշնամուրը, բեմին երկու կողմը՝ գեղեցիկ կոթողներ եւ հարուստ աշտանակներ, վերեւը՝ Համազգայինի տարբերանշանին ներքեւ՝ վալս պարող զոյգի մը շուքը. յարդարանքը գործն է Թինա Տէրտէրեանի։ Արամ Խաչատուրեանի ծննդեան 110-ամեակն է. յատկապէս պատրաստուած հակիրճ տեսահոլովակի ընդմէջէն, կը լսենք աշխարհահռչակ երաժիշտին մասին։ «Դիմակահանդէս» երաժշտութեան վրայ, Համազգայինի Էրեբունի պարախումբի աղջիկները՝ կապտագոյն պսպղուն հագուստներով ու փայփլուն, գոյնզգոյն փետուրներով զարդարուած դիմակներով, տղաքը՝ սեւ ու սպիտակ տարազներով, դիմակները դէմքին՝ եղանակին համընթաց, սահուն քայլերով ու ոլորապտոյտ շարժումներով բեմահարթակի տարածքին գեղեցիկ ներկայացում մը կը ստեղծեն, արժանանալով հանդիսատեսի բուռն ծափերուն։ Լիբանանի ծնունդ՝ Տիգրան Մանսուրեանն է հեղինակը յաջորդ երաժշտութեան. տեսահոլովակի միջոցով կը լսենք իր հակիրճ կենսագրականն ու բազմաթիւ ստեղծագործութիւններուն մասին։ Յայտագիրին մէջ ընդգրկուածը իր բազմաթիւ գործերէն՝ Մեր Մանկութեան Թանկոն է։ Բեմ կը բարձրանան արհեստավարժ դաշնակահար՝ Դինա Կարապետեանն ու զաւակը՝ ջութակահար Յովնաթան Կարապետեան ներկայացնելու համար շատերու ծանօթ այս սրտառուչ կտորը։ Տեսահոլովակը կը կեդրոնանայ մեր ժողովրդական երգերու հսկային՝ Խաչատուր Աւետիսեանի վրայ։ Պարարուեստի Ուսումնարանի մեծերը կը պարեն իր «Տօնական Հայաստան» երաժշտութեան վրայ, որուն կը յաջորդէ «Վաղարշապատ»ը, կատարողութեամբ՝ Մոնիքա Մարտիրոսեանի, Ալին Ակոբի եւ Ռուպինա Սարգիսեանի։ Պարերու գեղեցիկ ներկայացումին կը յաջորդէ տեսահոլովակի միջոցով՝ Ռոպէրթ Ամիրխանեանի մասին հակիրճ տեղեկութիւնը ու Յակոբ Բորբոսեանի տպաւորիչ մեկնաբանութեամբ՝ «Երազ իմ երկիր հայրենի»ն, որուն երաժշտութիւնը գործն է Ամիրխանեանի. դաշնամուրի վրայ կ՚ընկերակցի Թալին Արթինեան Գըլըպոզեան։ Երաժշտութիւններու երանգաւորումը հանդիսատեսը սպասողական դիրքի մէջ կը դնէ.... դասականէն ժողովրդականն ու աշուղականը... Սայաթ Նովան է յաջորդ դէմքը։ Իւրայատուկ մեկնաբանութեամբ, Արմենիա Սարգիսեան կը ներկայացնէ «Քամանչա»ն, դաշնամուրի ընկերակցութեամբ՝ Դինա Կարապետեանի, որուն կը յաջորդէ «Յիս քու ղիմէթն չի՞մ գիտի» կատարողութեամբ՝ Էրեբունի պարախումբի հեզաճկուն աղջիկներուն։
Աշուղականէն կը փոխադրուինք օբերայի հարուստ աշխարհը՝ շնորհիւ Արմէն Տիգրանեանի, մեզի ծանօթ՝ առաւելաբար իր «Դաւիթ Բէկ»ով ու «Անուշ»ով։ Տիգրանեանի մասին կարճ տեսահոլովակին կը յաջորդէ գեղեցկօրէն իրարու շաղախուած երգ-երաժշտութիւն-պար բեմադրութիւնը «Ամպի Տակից»ին։ Կուժերը իրենց ուսերուն՝ Պարարուեստի ուսումնարանի աղջիկներուն նազանքն ու Լին Իշնարի զուլալ ձայնը, ջութակի ընկերակցութեամբ՝ Յովնաթան Կարապետեանի ու դաշնամուրի ընկերակցութեամբ՝ Թալին Արթինեան Գըլըպոզեանի կը կախարդեն հանդիսատեսը։ Յայտագիրի առաջին բաժինը իր վերջաւորութեան կը հասնի Արամ Խաչատուրեանի «Սուրերու Պար»ով, բեմադրութիւնը՝ Ազատ Ղարիպեանի, կատարողութեամբ՝ Էրեբունի պարախումբի տղոց, մենակատարութեամբ՝ Միրէյ Մոմճեանի, Արթուր Գրիգորեանի ու Նարեկ Գասէմճեանի։
Հակիրճ դադարէ ետք, կը վերադառնանք Արամ Խաչատուրեանի. «Լեզկինքա»ով ծայր կ՚առնէ երկրորդ բաժինը. բեմադրութիւնը՝ Վանուշ Խանամիրեանի։ Դարձեալ բեմի վրայ է «Էրեբունի» պարախումբը, մենակատարութեամբ՝Դաւիթ Մանուկեանի, Յովհաննէս Յարութիւնեանի, Վահէ Միրզոյեանի ու Նարեկ Գասէմճեանի։ Խաչատուրեանէն կը փոխադրուինք Ալեքսանդր Սպենդիրեանի երաժշտութեան հարուստ աշխարհը։ Պարարուեստի մեծերը կը ներկայացնեն գեղեցիկ պար մը «Էնզելի» երաժշտութեան վրայ, բեմադրութիւնը՝ Վանուշ Խանամիրեանի։ Սպենդիարեանէն անցնելով մեզ մտերմաբար կը գտնենք մեծն Կոմիտասին հետ։ Կը լսենք «Քելէ, քելէ»ն Լին Իշնարի մեկնաբանութեամբ, դաշնամուրի ընկերակցութեամբ Դինա Կարապետեանի, ջութակի վրայ՝ Յովնաթան Կարապետեան. կը յաջորդէ «Ծիրանի Ծառ»ի վրայ բեմադրուած պարը, բեմադրութիւն՝ Նորայր Մեհրապեանի, հրապուրիչ մենակատարութեամբ՝ Լոռի Նաճարեանի։ Կոմիտասէն կը վերանանք դէպի Առնօ Բաբաջանեանի «Չքնաղ երազ»ը մեներգողն է Լին Իշնար, դաշնամուրի վրայ՝ Դինա Կարապետեան ու ջութակի վրայ՝ Յովնաթան Կարապետեան. կը յաջորդէ «Էլեգիա»ի երազային կատարումը «Էրեբունի» պարախումբի կողմէ, դաշնամուրի ընկերակցութեամբ՝ Թալին Արթինեան Գըլըպոզեանի։ Հաւանաբար քիչեր լսած ըլլան, թէ մեր առաջին օբերայի հեղինակը Կոստանդնուպոլիսէն մեզի հասած Տիգրան Չուխաճեանն է. կը լսենք «Լէպլէպիճի հորհոր աղա»ն, կատարողութեամբ Համազգայինի «Գուսան» երգչախումբի տղոց, ղեկավարութեամբ՝ Հռիփսիմէ Տէմիրճեանի, դաշնամուրի ընկերակցութեամբ՝ Վանիկ Յովհաննէսեանի։
Երկրորդ փակագիծ մը բանանք, նշելու համար, որ յայտագիրի ամէն ներկայացումէ առաջ, երաժիշտներուն մասին յատկապէս պատրաստուած տեսահոլովակները գործն են Արթուր Գրիգորեանի, պարունակութիւնը պատրաստութիւնն է Թամար Տօնապետեանի, կարդացողներն են «Էրեբունի» պարախումբի անդամներ՝ Վահէ Միրզոյեան, Դաւիթ Մանուկեան, Նայիրի Թիլէմեան, Ռուպինա Սարգիսեան, Մարիա Մարտիրոսեան, Տարօն Տէրտէրեան։ Պարերու մեծամասնութիւնը բեմադրութիւնն է Լոռի Նաճարեանի։ Բոլոր պարագաներուն ալ դէմքերու արտայայտութիւնը համաչափութիւնը, ապրումները այնքան տպաւորիչ են որ նստակեաց՝ մենք մեզ ալ բեմի վրայ կը զգանք։
Հայ երաժշտութիւնը դարերու ընդմէջէն թռիչք առնելով հասած է մեզի իր զանազան հոլովոյթներով.- գուսանական, տաղային, հոգեւոր, աշուղական, դասական, ժողովրդական. բոլորն ալ սիրելի, բոլորն ալ հարազատ։ Հայ երաժշտութիւնը Կոմիտաս ու Եկմալեան է, Շնորհալի ու Սպենդիարեան է, «Ծիրանի Ծառ» է, «Կռունկ» է....։ Իսկ պարը, հայ պարը լոկ պար չէ՜, ոգի է, ինքնութիւն է, պատմութիւն է, հայու նկարագիր է, բաբախուն սիրտ է, որ մեզ կը քաշէ ու կը տանի հոն՝ մեր պապերուն երկիրը, Տարօն աշխարհը, Սասուն գաւառը, մեր ակունքները, ուրկէ լսուող ամէն ոտքի զարկ՝ անգամ մը եւս կու գայ արձագանգել .- քելէ լաօ, քելէ երթանք մըր էրկիր։ «Սասնայ Պար»ն է յայտագիրին վերջին պարը. բեմի վրայ են Էրեբունի պարախումբի եւ պարարուեստի ուսումնարանի տղաքն ու աղջիկները որոնց Ազգագրական Պարի կատարումը կը թնդացնէ բեմը ու հպարտութեամբ կը լեցնէ հանդիսատեսին սիրտը։
Փակման խօսքին մէջ, Րիթա Թղլեան շնորհակալութիւն կը յայտնէ պարողներուն, պարուսոյց եւ գեղարուեստական ղեկավար՝ Լոռի Նաճարեանի, ծնողներուն. Բեմ կը հրաւիրէ բոլոր մասնակցողները շնորհակալական խօսք ուղղելով բոլորին, ապա խօսքը կու տայ Լոռի Նաճարեանի։ Լոռի կը շեշտէ կարեւորութիւնը այս ձեռնարկին, շնորհակալութիւն յայտնելով առաջին հերթին՝ մեր երաժիշտներուն, նաեւ արուեստագէտներուն ու վերջապէս՝ բոլոր կամաւորներուն որոնք սիրով ստանձնեցին յայտագիրը կեանքի կոչելու ծանր գործը։ Հայր Մեղրիկ Ծայրագոյն Վարդապետ Բարիքեան յոյժ գնահատանքի խօսք կ՚ուղղէ պարողներուն, Լոռի Նաճարեանի ու կազմակերպող յանձնախումբին, շնորհաւորելով բոլորը ու Պահպանիչով կը փակէ այս հոգեպարար, հպարտութիւն ներշնչող երեկոն։ Ծափահարութիւններն ու շնորհաւորանքները կը շարունակուին գաւիթին մէջ։ Ուրեմն շարունակենք, պարենք միահամուռ ու մեր ամէն ոտքի զարկով փոխանցե՜նք, փոխանցե՜նք մեր պապերէն մեզի կտակուածը, մեր հայեցին ու հարազատը։ Պարե՜նք։
Թամար Տօնապետեան-Գուզուեան