Կազմակերպութեամբ Թորոնթոյի Համազգային Հայ կրթական եւ մշակութային միութեան եւ բարձր հովանաւորութեամբ Գանատայի մօտ Հայաստանի Հանրապետութեան Արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Արմէն Եգանեանի, Կիրակի, 26 Փետրուար 2012-ի երեկոյեան ժամը 6։00-ին, Հայ երիտասարդական կեդրոնի «Համազգային» թատերասրահին մէջ տեղի ունեցաւ հայ հանճարեղ բանաստեղծ Պարոյր Սեւակի դառնաղէտ մահուան 40-ամեակին նուիրուած յուշահանդէսը։
Ձեռնարկին ներկայ գտնուեցան Գանատահայոց Էջմիածնական թեմի Առաջնորդ՝ Տ. Բագրատ Եպս. Գալստանեան, հոգեւոր հովիւներ, Համազգային Հայ Կրթական եւ Մշակութային Միութեան Կեդրոնական վարչութեան անդամ Սիմոն Հասըրճեան, Հայ կեդրոնի յարկին տակ գործող միութիւններու եւ կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներ, ներգաղթի դատաւոր Արիս Պապիկեան եւ շուրջ 500 մշակութասէր ընկեր- ընկերուհիներ ու ազգայիններ։
Հանդիսութեան պաշտօնական բացումը կատարուեցաւ Գանատայի եւ Հայաստանի օրհներգներով, որոնք դաշնամուրի վրայ նուագեց Վազգէն Գալճեան։
Օրուան հանդիսավարուհին՝ Յասմիկ Պապեանը, իր բացման խօսքով ըսաւ. «Համազգայինի համար Պարոյր Սեւակի վաստակին, անոր հոգեմտաւոր ժառանգին ծանօթացման եւ պայծառացման ձեռնարկը մասնաւոր նշանակութիւն ունի, որովհետեւ Պարոյր Սեւակը եղաւ այն բանաստեղծը, որ արժանի է ամենահայոց բանաստեղծի կոչումին, որովհետեւ ան իր հայրենակիցներուն եւ սփիւռքահայերուն կեանքին ու տառապանքին հանդէպ անտարբեր չմնաց։ Անոր գլուխ գործոց «Անլռելի զանգակատունը» նուիրուած է մեծն Կոմիտասի կեանքին ընդմէջէն հայ ժողովուրդի ողբերգութեան եւ մարտիրոսութեան»։
Յայտագրի գործադրութիւնը սկսաւ Պարոյր Սեւակի կենդանի ձայնով։ Պաստառի վրայ ցուցադրուեցաւ բանաստեղծին «Ապրել, ապրել» քերթուածը իր իսկ կատարողութեամբ։ Ապա Պարոյր Սեւակի «Բարեւ» քերթուածը, իր հուժկու ձայնով ասմունքեց Մուշեղ Գարագաշեան, իսկ գուսան Շահէնի հեղինակութամբ «Որպէս մի ծաղիկ» երգը Պարոյր Սեւակի յիշատակին երգեց Սոնա Յովսէփեան, դաշնամուրի ընկերակցութեամբ Վազգէն Գալճեանի։
Սեւակեան քերթողական ծաղկեփունջ մը ներկայացուցին ՀՕՄ-ի Ամէնօրեայ վարժարանի շրջանաւարտներ՝ Դանիէլ Օհանեան, Գայեանէ Շարապխանեան, Վարագ Պապեան, Մեղեդի Մնացականեան, Սեւակ Յարութիւնեան եւ Անի Շարապխանեան։ Տեղի ունեցաւ նաեւ Պարոյր Սեւակի «Եռաձայն պատարագ» պոէմէն խմբական արտասանութիւն, նոյնպէս ՀՕՄ-ի Ամէնօրեայ Վարժարանի աշակերտներէն՝ Ռուբէն Ճանպազեանի, Նայիրի Թիլիմեանի, Արի Կարապետեանի, Մեղեդի Մնացականեանի, Արէն Մնացականեանի եւ Կարին Եագուպեանի կողմէ, ապա Սոնա Յովսէփեան, դաշնամուրի ընկերակցութեամբ Վազգէն Գալճեանի երգեց «Դու» մեներգը, որուն բառերը կը պատկանին Պարոյր Սեւակի գրիչին։
Օրուան բանախօս Սոնա Յովհաննէսեան իր խօսքը սկսաւ «Մենք թռչուն չենք, որ կաթիլ մը ջուր ըմպելով մեր կտուցները անմիջապէս երկինք տնկենք» իմաստալից խօսքով։ Ապա ան ըսաւ, թէ մենք իբրեւ ուխտաւորներ եկած ենք խոնարհելու Պարոյր Սեւակի յիշատակին առաջ, իր բանաստեղծութիւններէն անմահական ջուր ըմպելու։
Ս. Յովհաննէսեան խօսելով Պ. Սեւակի մասին ըսաւ. «1940-ական թուականներուն հայ գրականութեան կեանքին մէջ հիմնական փոփոխութիւն մտցուց Չանախչիէն Երեւան եկած 17-18 տարեկան Պարոյր Ղազարեանը, որ հետագային գրական աշխարհին յայտնի դարձաւ Սեւակ ծածկանունով։ Սեւակի անուանակոչումին կնքահայրը եղած է «Սովետական գրականութիւն» ամսագրի խմբագիր Ռուբէն Զարեանը, որ պատանի Պարոյրին բանաստեղծութիւնները կարդալէ վերջ հմայուած է, եւ որոշած է ոչ միայն տպագրել զանոնք,այլ նաեւ անոր իսկական բանաստեղծի անուն շնորհել։ Զարեանի ցանկութիւնն էր Մեծ Եղեռնին նահատակուած բանաստեղծ Ռուբէն Սեւակի պատուըւիլը տեսնել այս նոր բանաստեղծին մէջ։ Այս ծածկանունին ընտրութիւնը ծանր հետեւանքներ ունեցաւ թէ՛ Զարեանին եւ թէ՛ Սեւակին վրայ։ Խմբագիր Զարեան պաշտօնազրկուեցաւ, իսկ Սեւակէն ոչ մէկ տող տպուեցաւ մինչեւ 1948։ Ան սկիզբ չտեսած ունեցաւ վախճան։
Պարոյր Սեւակի կենսագրութիւնը ներկայացնելէ ետք, օրուան բանախօսը անդրադարձաւ հանճարեղ բանաստեղծի գրական կեանքի դժուարութիւններուն, տեղափոխութիւններուն յաջողութիւններուն եւ հրատակարութիւններուն եւ ըսաւ թէ «Պարոյր Սեւակ բանաստեղծը հայ գրականութենէն ներս իր մուտքը կատարած է 1948-ին հրատարակուած «Անմահները հրամայում են» հատորով։ Այնուհետեւ լոյս տեսած բնաստեղծութիւններով ան նուիրագործած է իր մեծ բանաստեղծի տաղանդն ու համբաւը»։
Ս. Յովհաննէսեան ժամանակագրական կարգով Պ. Սեւակի բանաստեղծութիւններու հատորները ներկայացնելէ ետք, նշեց որ վաղամեռիկ բանաստեղծը ունի քանի մը հատոր լեցնելու չափ անտիպ եւ մեր գրական մամուլին մէջ ցրուած բանաստեղծութիւններ։ Բանաստեղծը հրատարակուած ունի նաեւ մենագրութիւն մը՝ Սայաթ Նովայի մասին, ինչպէս նաեւ թարգմանութիւններ՝ միջազգային գրողներէ։
Ապա պաստառի վրայ ներկայացաւ Պարոյր Սեւակի «Իմ Հայաստան» քերթուածը, որմէ ետք Ռաֆֆի Տէր Պօղոսեան դաշնամուրի ընկերակցութեամբ Վազգէն Գալճեանի երգեց Պարոյր Սեւակի «Քո պատճառով» եւ «Երեքնուկ» երգերը։ Այնուհետեւ բեմ բարձրացան ՀՕՄ-ի Ամէնօրեայ Վարժարանի շրջանաւարտներն ու աշակերտները եւ հանդէս եկան «Երեւան դարձած իմ Էրեբունի» եւ «Սարդարապատ» երգերով, խօսք՝ Պ. Սեւակի, առաջնորդութեամբ եւ դաշնամուրի ընկերակցութեամբ Սոնա Յովսէփեանի։
Սրտի խօսքով հանդէս եկաւ Գանատայի մօտ Հայաստանի արտակարգ եւ լիազօր դեսպան մեծյարգոյ Արմէն Եգանեանը, որ իր խօսքին մէջ անդրադարձաւ Պարոյր Սեւակի բանաստեղծական մեծ տաղանդին եւ Համազգայինի մշակութային գործունէութեան, ինչպէս նաեւ գնահատեց ձեռնարկն ու անոր մասնակիցները։ Դեսպանը խօսքը ուղղելով երիտասարդներուն թելադրեց, որ անոնք ըլլան հայրենիքը եւ մշակոյթը սիրողներ եւ շարունակեն իրենց նախահայրերու ճամբան, որպէսզի մեծ յաղթանակներ նուաճեն։
Այս առիթով Համազգայինի վարչութեան անունով դեսպանին նուիրուեցաւ արուեստագէտ նկարիչ Գալուստ Պապեանի նոր հրատարակուած «Աշխարհիս Ոսպնեակէն» մեծածաւալ գիրքը։
Ապա խօսք առաւ վարչութեան ատենապետուհի Արշօ Արապաթեան եւ շնորհակալութիւն յայտնեց վսեմաշուք դեսպանին, օրուան դասախօսին, յանձնախումբի անդամներուն, գեղարուեստական յայտագրի մասնակիցներուն, ինչպէս նաեւ՝ Արա Տէր Յարութիւնեանին՝ բեմի գեղեցիկ յարդարման համար։
Բագրատ Սրբազան փակման աղօթքէն առաջ ըսաւ. «Սիրելի եւ յարգելի ներկաներ, եթէ Ս. Գրիգոր Նարեկացին սէր հոգեմտաւոր բանաստեղծութեան տաճարն է, Եղիշէ Չարենց այդ տաճարի բուրվառն է, իսկ Պարոյր Սեւակ այդ տաճարի բուրվառակիրն է»։
Գրիգոր Հոթոյեան