Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան կազմակերպութեամբ եւ Համազգայինի «Վահէ Սէթեան» հրատարակչատան գործակցութեամբ, Ուրբաթ, 21 Ապրիլ 2017-ին, երեկոյեան ժամը 7:30-ին, Համազգայինի «Լիւսի Թիւթիւնճեան» ցուցասրահին մէջ տեղի ունեցաւ շնորհահանդէսը Յակոբ Պալեանի խմբագրած` Պերճուհի Բարսեղեանի «Խանձուած օրերը» գիրքին:
Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան անունով խօսք առաւ Մարինա Համամճեան: Ան ըսաւ, որ Պերճուհի Բարսեղեանի ստորագրութեամբ եւ Յակոբ Պալեանի խմբագրութեամբ «Խանձուած օրերը» հայ գրականութեան լաւագոյն յուշագրութիւններէն մէկը կը նկատուի, ապա յայտնեց, որ գիրքին վկայութիւնները յաջողած են պատմողականէն անդին նուաճել ու թափանցել խորքային ճշմարտութեան եւ հայ մարդու դժբախտ ճակատագիրին, հակառակ անոր ինքնակենսագրական ոճով գրուած ըլլալուն:
«Խանձուած օրերը» գիրքէն հատուածներ կարդացին Ազգային Եղիշէ Մանուկեան քոլեճէն Վիքի Փանոսեան եւ Աւօ Մարգարեան: Այնուհետեւ խօսք առաւ Սալբի Քիւրքճեան-Թաշճեան: Ան ըսաւ, որ «Խանձուած օրերը» հրատարակութիւնը լուսարձակի տակ կը բերէ այն ապրուած օրերը, որոնք հարազատ յիշողութեամբ նկարագրութիւններ են, արեան ճամբով հարթուած ճանապարհներ, որոնք պատմութեան մէջ անջնջելի կը մնան ո՛չ միայն իբրեւ հայ կնոջ մը յիշատակած տողերը, այլեւ դալար կեանքի ձգտումի մը պայքարը` ցեղասպան թշնամիին գործած աւերներուն դէմ: