Պուլկարիոյ մէջ, 64 տարեկանին, մահացաւ գրող, հրապարակախօս Սեւդա Սեւանը: Սեւդա Սեւանի գիրքերէն յայտնի են «Ինչ որ տեղ Պալքաններում», «Տէր-Զօր» վէպերը: Անոր ստեղծագործութիւններուն մէջ ներկայացուած են Մեծ եղեռնը, զօրավար Անդրանիկի եւ պուլկարական զօրամասերու ազատագրական համատեղ գործողութիւնները Պալքաններու մէջ: Ան գրած է 1988-ին Պուլկարիոյ մէջ նկարահանուած «Ցեղասպանութիւն» վաւերագրական շարժապատկերի նիւթը, թարգմանած է Գէորգ Էմինի բանաստեղծութիւններու ժողովածուն: 1988 թուականէն ետք բազմաթիւ անգամներ այցելած է Հայաստան եւ մասնակցած տեղի հասարակական-քաղաքական, մշակութային կեանքին: 1994-1999 թուականներուն Սեւդա Սեւանը եղած է Հայաստանի գործերու ժամանակաւոր հաւատարմատարը Պուլկարիոյ մէջ, 1999-2005ին՝ արտակարգ եւ լիազօր դեսպանը: Սեւդա Սեւան առաջին սփիւռքահայն էր, որ ստացաւ Հայաստանի հանրապետութեան քաղաքացիի անձնագիր՝ յանձնելով պուլկարական անձնագիրը:
|