Կազմակերպութեամբ Նիւ Եորքի Համազգայինի մասնաճիւղին, 14 Նոյեմբեր 2014-ին Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ յիշատակի հանդիսութիւն նուիրուած «Բագին» ամսագիրի տարիներու խմբագիր, գրաքննադատ եւ գրականագէտ Պօղոս Սնապեանի յիշատակին:
Կազմակերպիչ յանձնախումբին անունով Աստղիկ Սեւակի բարի գալուստի խօսքերէն ետք Հայր Մեսրոպ Լաքիսեան ամփոփ կէտերու մէջ ներկայացուց Պօղոս Սնապեանի կենսագրական գիծերը:
Այնուհետեւ դոկտ. Արա Գաբրիէլեան ներկայացուց օրուան բանախօս գրագէտ, «Բագին» ամսագիրի խմբագիր Յակոբ Պալեանը:
Պալեան մանրամասնօրէն ներկայացուց Սնապեանի տածած գրական գործունէութիւնը շեշտը դնելով անոր ունեցած ներդրումին լիբանանահայ գաղութէն ներս: Ան անդրադարձաւ նաեւ Սնապեանի մօտեցումին հայ մշակոյթի եւ գրականութեան նկատմամբ, որ յաջողած է փոխանցել իր աշակերտներուն անոնց մէջ արթնցնելով սէրը դէպի ազգութիւն եւ գրականութիւն: