Կիրակի, 28 փետրուար 2016-ին Թորոնթոյի Հայ կեդրոնի սրահին մէջ տեղի ունեցաւ «Պօղոս Սնապեան` «Բագին»-ի քուրմը» խորագիրը կրող յիշատակի հանդիսութիւնը` կազմակերպութեամբ Համազգայինի «Գլաձոր» մասնաճիւղի գրական յանձնախումբին:
Որպէս ձեռնարկի բացում ներկայ գտնուող շուրջ 200 հայորդիները լսեցին Սնապեանի «Պարը» պատմուածքի պարզ, բայց խորհրդաւոր ընթերցումը` հեղինակին կատարողութեամբ, որմէ ետք գրական յանձնախումբի ատենապետ Թամար Տօնապետեան-Գուզուեան ստանձնեց հանդիսավարութեան պաշտօնը, որ կատարեց ամենայն արհեստավարժութեամբ:
Բացման խօսքին ընդմէջէն Տօնապետեան-Գուզուեան ներկայացուց Մուսա Լերան Պիթիաս գիւղը ծնած, «դաշնակցական հերոս Մարկոս Սնապեանի արիւնը իր երակներուն մէջ, ազատատենչ հայու անվեհեր ոգիով սնած, Մաշտոցի կախարդանքով զօրացած, հայ, հայրենիք, հայութիւն, հայ լեզու իր կեանքին մեկնակէտն ու վերջակէտը դարձուցած` «վարպետ»-ին` Յակոբ Օշականի շունչով տոգորուած, աւելի քան վեց տասնամեակներու վրայ կուտակուող գրական, գրաքննադատական խմբագրական ու կրթական տիտանական աշխատանքին բերքը իր շալակին, ազգին յոյզերով ու յոյսերով առլցուն, ճշմարիտին խնկարկու, անաչառ ու անդրդուելի» Սնապեանին հակիրճ կենսագրականը ու ակնարկեց հեղինակին Թորոնթոյի հայ գաղութի հետ ունեցած մտերմութեան: Տօնապետեան-Գուզուեան ապա հրաւիրեց Հալէպէն գաղութս փոխադրուած, ՀՕՄ-ի ամէնօրեայ վարժարանի եօթներորդ կարգի աշակերտուհի եւ արտասանական մրցոյթներու դափնեկիր` Լոռի Արամեանը, որ հրաշալիօրէն ասմունքեց Ռոզա Պետրոսեանի «Քարտէս» բանաստեղծութիւնը:
Կարդալէ ետք հանճարեղ Կոմիտաս վարդապետի ծննդեան հարիւրամեակին առիթով թուղթին յանձնուած` Պօղոս Սնապեանի «Վերջին սուրբը» վերնագիրը կրող գրութիւնը, Տօնապետեան-Գուզուեան բեմ հրաւիրեց Երեւանի Կոմիտասի անուան երաժշտանոցէն վկայեալ, մասնագիտութեամբ թաւջութակահար Լուսինէ Ամիրխանեանը, որ հմտօրէն ներկայացուց Կոմիտասի «Քելէ, քելէ» եւ «Երկինքն ամպել ա» կտորները: