Հայ անուանի գրող, հրապարակախօս, Հայաստանի նախագահի գրական մրցանակի դափնեկիր Ռուբէն Յովսէփեանի ծննդեան 70-ամեակին առիթով, 9 Յունիսին Հայաստանի մշակոյթի նախարարութեան կազմակերպած յոբելենական երեկոյին ընթացքին գրողին շնորհաւորելու եկած էին Հայաստանի բարձրաստիճան պաշտօնատարներ, Ազգային ժողովի պատգամաւորներ, գրչակից եւ կուսակցական ընկերներ, թատրոնի, շարժապատկերի եւ մշակոյթի այլ մարզերու ներկայացուցիչներ: Յոբելենական երեկոյին բացումը կատարուեցաւ գրողի «Տաք երկիրը» ստեղծագործութենէն հատուածի մը բեմականացումով: Ապա կարդացուեցան ՀՅԴ Բիւրոյի, Հայաստանի մշակոյթի եւ Սփիւռքի նախարարներուն, Համազգային կրթական եւ մշակութային միութեան Կեդրոնական վարչութեան շնորհաւորանքի ուղերձները: Շնորհաւորանքի ու գնահատանքի խօսքերով հանդէս եկան Խորհրդային Միութեան ժողովրդական արուեստագէտ Սօս Սարգսեան, յօրինող Մարտին Վարդազարեան, բեմադրիչ Վիգէն Զալդրանեան շարժապատկերի եւ թատրոնի պետական հիմնարկի տնօրէն Հրաչեայ Գասպարեան եւ այլ անձեր՝ արժեւորելով գրողին անցած ուղին եւ գրական մեծ վաստակը:
|