Կազմակերպութեամբ Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան, Չորեքշաբթի, 20 Յուլիս 2016-ի երեկոյեան ժամը 8:00-ին, Համազգայինի «Լեւոն Շանթ» կեդրոնի «Գ. եւ Հ. Արմէնեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ լիբանանահայ բանաստեղծ Սարգիս Կիրակոսեանի, յետմահու հրատարակուած «Կարծես երազ մը ըլլար» խորագրեալ վէպի շնորհահանդէսը, ներկայութեամբ անոր յիշատակը յարգող բազմութեան:
Ձեռնարկին բացումը կատարեց Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան ատենապետ, դոկտ. Սեպուհ Այնթէպլեան, որ սեղմ գիծերու մէջ նշեց ձեռնարկին առիթն ու կարեւորութիւնը: «Սարգիս Կիրակոսեան անխոնջ ընթերցող մըն էր հայ գրականութեան, ուսումնասիրող մը», ըսաւ դոկտ. Այնթէպլեան եւ աւելցուց. «Ուրախալի է, որ իր բանաստեղծութիւնները սիրելի ու գնահատելի պիտի ըլլան նաեւ հայրենի գրական շրջանակներու մէջ»: Այնթէպլեան թուեց Սարգիս Կիրակոսեան մտաւորական մարդուն ազգանուէր գործունէութիւնը` լիբանանահայ հասարակութեան, գրական, մշակութային թէ կրթական մարզերուն մէջ: «Համազգայինի ընտանիքը եւ իր ընտանեկան պարագաները տարի մը առաջ կորսնցնելով Սարգիսը, բաց մը զգացինք մեր հաւաքական կեանքին մէջ, սակայն այսօր Սարգիս Կիրակոսեան մեզ այստեղ կը համախմբէ ուրախ առիթով, հաւաքուած ենք հոս, իր գիրքին` «Կարծես երազ մը ըլլար» վէպի շնորհահանդէսին», ընդգծեց Սեպուհ Այնթէպլեան:
Այս առիթով խօսք առաւ մտաւորական, կրթական մշակ Ժիրայր Դանիէլեան, որ անդրադարձաւ Սարգիս Կիրակոսեանին հետ իր ծանօթացման ու գործակցութեան պայմաններուն` Սիմոն Սիմոնեանի «Սփիւռք» շաբաթաթերթէն մինչեւ «Բագին» գրական հանդէս ու «Ազդակ» օրաթերթ: