Կազմակերպութեամբ Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան Կիրակի, 29 Նոյեմբեր 2015-ի երեկոյեան ժամը 7:00-ին, «Նշան Փալանճեան» ճեմարանի «Վասպուրական» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ մեծարանքի երեկոյ` նուիրուած Սեդա Կանաչեան-Թիւսիւզեանի:
Հանդիսութեան բացման խօսքը Համազգայինի Լիբանանի Շրջանայի վարչութեան անունով փոխանցեց վարչութեան ատենապետ Սեպուհ Այնթէպլեան: Ան ըսաւ, թէ Սեդա Կանաչեան-Թիւսիւզեանի Լիբանանէն Ամերիկա մեկնումին առիթով մէկտեղուած ենք, եւ թէեւ տխուր է հրաժեշտի այս պահը, սակայն ուրախութեամբ պէտք է ընկալենք, որովհետեւ ան արժանի է այս մեծարանքին: Այնթէպլեան կարեւորութեամբ շեշտեց սփիւռքի մէջ տարուող կամաւոր աշխատանքն ու ծառայողներուն մեծութիւնը, որուն օրինակելի տիպարներէն է Ս. Կանաչեան-Թիւսիւզեան: Ապա անդրադարձաւ Համազգայինի «Կոմիտաս» մասնաճիւղի հիմնադրութենէն մինչեւ օրս մշակութային կեանքին մէջ անոր ունեցած ներդրումներուն: Այնթապլեան ըսաւ, թէ «Սեդա Կանաչեան-Թիւսիւզեան իր աշխատանքներով եւ ծառայութեամբ ունեցած է իր վաստակը, որ միայն յարգանք կը պարտադրէ»:
Գեղարուեստական յայտագիրով ելոյթ ունեցան «Բ. Կանաչեան» երաժշտական քոլեճի ուսանողներ եւ ուսուցչական կազմէն անդամներ: