Բանաստեղծութեան միջազգային օրուան առիթով, կազմակերպութեամբ Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան, Չորեքշաբթի, 21 Մարտ 2012-ի երեկոյեան ժամը 8:00-ին, Համազգայինի «Լեւոն Շանթ» մշակութային կեդրոնի «Գ. եւ Հ. Արմէնեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ «Սեւակեան երեկոյ» թեմայով բանաստեղծութիւններու ընթերցում:
Ձեռնարկի բարի գալուստի խօսքը արտասանեց Սիլվա Քիւրքճեան: Ան նկատել տուաւ, որ բանաստեղծութեան սէրը նոր սերունդին ներկայացուցիչներուն մէջ պէտք է սերմանենք փոքր տարիքէն, որպէսզի սիրեն արուեստը եւ հայ բանաստեղծութիւնը: Ս. Քիւրքճեան ընդգծեց, որ Պարոյր Սեւակ կը հաւատար, որ արուեստագէտը ժողովուրդին նկատմամբ ունի սրբազան պարտականութիւն եւ պէտք է ժողովուրդը բարձրացնէ դէպի արուեստ եւ ոչ թէ արուեստը իջեցնէ մինչեւ ժողովուրդի մակարդակը:
Այնուհետեւ գործադրուեցաւ գեղարուեստական յայտագիր, որ կը բովանդակէր բանաստեղծութիւններու ընթերցում, երգ, տեսերիզի ցուցադրութիւն:
Յայտագիրին իրենց մասնակցութիւնը բերին Արազ Գոճայեան, Անուշ Թրուանց, Գուրգէն Փափազեան, Նարօտ Սուրճեան, Ալին Նաքքաշեան, Մարօ Սարգսեան, Սիլվա Քիւրքճեան, Հրակ Փափազեան, Սօսէ Ճինպաշեան, Սերուժ Յովսէփեան, Շաղիկ Մկրտիչեան եւ Մարիա Գալֆայեան:
Ձեռնարկի ընթացքին սրտի խօսք ուղղեց Սարգիս Կիրակոսեան: Ան հաստատեց, որ Պարոյր Սեւակ առաջին օրէն հաստատ, վճռակամ եւ նպատակասլաց քայլերով մուտք գործեց հայ գրականութեան մէջ: Ան շեշտեց, որ «Անլռելի զանգակատունը» գլուխ գործոց մըն է, որ իր մէջ կը ներառէ հայ ժողովուրդի 100-ամեայ պատմութիւնը խտացուած ձեւով:
Ձեռնարկի եզրափակիչ բաժինով Անի Սարաֆեան-Եփրեմեան մեկնաբանեց Պարոյր Սեւակի բանաստեղծութիւններէն փունջ մը եւ իր գերազանց կատարումով յաւելեալ փայլք տուաւ ձեռնարկին: