Շաբաթ, 3 մայիս 2008-ի երեկոյեան ժամը 8:00-ին, «Յակոբ Տէր Մելքոնեան» թատերասրահին մէջ, Հալէպի «Կիլիկիա» հրատարակչատան նախաձեռնութեամբ, Համազգայինի Հայ կրթական եւ մշակութային միութեան հովանաւորութեամբ եւ Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան կազմակերպութեամբ տեղի ունեցաւ ասմունքի երեկոյ մը՝ «Պտոյտ հայ բանաստեղծութեան պարտէզին մէջ» նիւթով: Ասմունքեց այս առիթով յատուկ Լիբանան հրաւիրուած պոլսահայ վաստակաշատ ասմունքող Սիլվա Կոմիկեան:
Ձեռնարկին բացման խօսքը Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան անունով արտասանեց Րաֆֆի Տեմիրճեան, որ նշեց, թէ Սիլվա Կոմիկեան «բեմի վարպետ»ն է, որ էապէս կը մարմնաւորէ բանաստեղծներուն միտքերն ու պատկերները:
Տեմիրճեան նաեւ հակիրճ կէտերու մէջ ներկայացուց Կոմիկեանի գործունէութիւնը՝ շեշտելով, որ անոր ասմունքի հաւաքածոն շատ հարուստ է եւ կը բովանդակէ մասնաւորաբար արեւմտահայ դասական եւ ժամանակակից բանաստեղծներու հատընտիր գործեր:
Ապա բեմ բարձրացաւ ասմունքող Սիլվա Կոմիկեան, որ շուրջ երկու ժամուան ընթացքին իր կատարումներով, հնչեղ ձայնով, յատուկ առոգանութեամբ ու գեղեցիկ ներկայացումով ներկաներուն պարգեւեց գեղարուեստական ճաշակ:
Առաջին բաժինին մէջ Սիլվա Կոմիկեան ասմունքեց Մեծարենցի, Դանիէլ Վարուժանի, Մուշեղ Իշխանի, Անդրանիկ Ծառուկեանի, Սիլվա Կապուտիկեանի, Վահան Թէքէեանի եւ այլ հեղինակներու բանաստեղծութիւններէն ու արձակ գրութիւններէն հատուածներ:
Իսկ յայտագիրի երկրորդ բաժինով պոլսահայ վաստակաշատ ասմունքողը ներկայացուց պոլսահայ ժամանակակից բանաստեղծներէն ստեղծագործութիւններ: Ան Ռոպեր Հատտեճեանի, Զահրատի, Խրախունիի, Իքնա Սարըասլանի եւ այլ գրողներու գործերը կրցաւ էապէս մարմնաւորել ու սքանչելի կերպով ներկաներուն հրամցնել:
«Առաջին մեղքը», «Եկեղեցին հայկական»ը, «Մեսրոպ Մաշտոց»ը, «Լեռը», «Հող հայրենի»ն եւ այլ խորագիրներ կրող քերթուածներ արուեստի մեծ հաճոյք պատճառելով Համազգայինի 80-ամեակին նախաձեռնութիւններուն տուին յատուկ երանգ, բարձր մակարդակ եւ մշակութային - գեղարուեստական ճաշակ: