Երկուշաբթի, 6 Ապրիլ 2009-ին, Փարիզի Համազգայինի մասնաճիւղի եւ Արֆոլվիլի Նոր Սերունդի կազմակերպութեամբ Րիւ Պլէօ-ի Հայ Մշակութային Տան մէջ տեղի ունեցաւ Սիմոն Աբգարեանի ֆրանսերէն լեզուով Penelope, Oh Penelope նոր լոյս տեսած գիրքի ներկայացումը: Խուռն բազմութիւն մը հաւաքուած էր մասնաւորապէս երիտասարդներէ` լսելու եւ մօտէն ծանօթանալու տաղանդաւոր երիտասարդ դերասանին հետ: Սոյն գիրքը 2008 թուականին ստացած էր Le grand prix de la meilleure creation francaise : Սիմոն Աբգարեան հանրածանօթ դերասան է սփիւռքի մէջ, մանաւանդ փարիզահայութեան մօտ, ան ծանօթ է բոլորին բազմաթիւ հանրածանօթ շարժանկարներու մէջ ստանձնած իր դերերով: 2001 թուականին ան արժանացած է Moliere մրցանակին Ֆրանսայի մէջ, իբրեւ լաւագոյն դերասան La Bete sur la Lune թատերգութեան խաղարկութեամբ: Այսօր Սիմոն կը ներկայանայ հանրութեան նոր յայտնաբերութեամբ մը. Սիմոն Աբգարեան կը գրէ ֆրանսերէնով իր առաջին թատերախաղը, որ կը ներկայացուի Փարիզի Ազգային Chayo de Moliere դահլիճին մէջ 2006-ին, սակայն գիրքը լոյս կը տեսնէ 2008-ին՝ արժանանալով ինչպէս ըսինք ֆրանսական բարձրագոյն մրցանակի մը: Համազգայինի վարչութեան ատենապետուհի Հերա Թօսունեան իր բարի գալուստի խօսքէն ետք հակիրճ, սակայն զգայաշունչ կերպով ներկայացուց Սիմոն Աբգարեանի թատերական ու ֆիլմաշխարհի յաջողութիւններու ցուցակը, ապա խօսքը տուաւ Նոր Սերունդի վարչականներէն Թալին Պալըգճեանին, որ իր կարգին ֆրանսերէն լեզուով ներկայացուց Սիմոն Աբգարեանի մանրամասն կենսագրութիւնը: Համազգայինի անդամներէն Հուրիկ Պաղտասարեան խնամքով պատրաստած էր գրքի ներկայացում: Քաղուած էին եօթը հատորներէ, որոնցմէ պարբերաբար ընթերցումներ կատարուեցան եօթը Նոր Սերունդի եւ Համազգայինի Ֆորում յաճախած երիտասարդներէ: Ընթերցման աւարտէն ետք Թալին խօսքը ուղղելով Սիմոնին ըսաւ. «Մեր արուեստագէտները մեր դեսպաններն են, կը մաղթենք քեզի նորանոր յաջողութիւններ եւ մենք բոլորս քու Փենելոփներն ենք»: Խորապէս զգացուած, Սիմոն պատասխանեց ներկաներու հարցումներուն, իր երախտագիտութիւնը յայտնեց Համազգայինի վարչութեան, ապա ստորագրեց վաճառուած գիրքերը: Երեկոն աւարտեցաւ մտերմիկ ճաշկերոյթով մը: Սիմոն մօտ ապագային նոյն թատերգութիւնը պիտի ներկայացնէ Լիբանանի Մոնո դահլիճին մէջ:
|