Հովանաւորութեամբ տէր եւ տիկին Սուրէն եւ Սոնիա Սարգիսեաններուն, կազմակերպութեամբ Համազգայինի «Լիւսի Թիւթիւնճեան» ցուցասրահին, Հինգշաբթի, 12 Մայիս 2016-ին, երեկոյեան ժամը 7:00-ին, Համազգայինի «Լիւսի Թիւթիւնճեան» ցուցասրահին մէջ տեղի ունեցաւ իրաքեան եւ սուրիական գեղանկարչական եւ կերպարուեստի հաւաքական ցուցահանդէսին բացումը, որուն կը մասնակցին սուրիացի գեղանկարիչ Համմուտ Շանթութ, սուրիացի քանդակագործ Ուրուպա Տիպ, ինչպէս նաեւ իրաքցի գեղանկարիչներ Սալամ Օմար եւ Մահմուտ Շուպպար:
Բացման խօսքը արտասանեց Համազգայինի «Լիւսի Թիւթիւնճեան» ցուցասրահի անձնակազմի անդամ Սիւզի Տէրտէրեան: Ան նախ ներկայացուց ցուցահանդէսին մասնակցող արուեստագէտները` վեր առնելով իւրաքանչիւրին յատկանշական գիծերը: Տէրտէրեան նշեց, որ վերոյիշեալ արուեստագէտներուն ժամանակակից ստեղծագործութիւնները ապաստան գտած են Լիբանանի մէջ եւ մաղթեց, որ անոնք բռնութենէ զուրկ մթնոլորտ մը ստեղծեն ցուցասրահին մէջ: Տէրտէրեան շնորհակալութիւն յայտնեց ցուցահանդէսը հովանաւորող տէր եւ տիկին Սուրէն եւ Սոնիա Սարգիսեաններուն, ապա խօսքը փոխանցեց արուեստագէտներուն:
Առաջին խօսք առնողը եղաւ իրաքցի գեղանկարիչ Մահմուտ Շուպպար, որ յայտնեց թէ իր գեղանկարչութիւնը սիրոյ եւ խաղաղութեան պատգամ կը փոխանցէ եւ ընդգծեց այդ արժէքներուն կարեւորութիւնը: Շուպպարի գործերուն մէջ կը գերակշռեն մոխրագոյնը եւ այլ մութ գոյներու նրբերանգները, որոնք միեւնոյն տեսարանը կը ներկեն տարբեր ժամանակաշրջաններու. «Ֆոլինկ Այտըլ», «Աֆթըր տը տրիմ», «Քոլտ Սիթի»…