Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան կազմակերպութեամբ եւ գործակցութեամբ «Վահէ Սէթեան» հրատարակչատան-գրատարածին, Ուրբաթ, 9 Դեկտեմբեր 2016-ին, երեկոյեան ժամը 8:00-ին, Համազգայինի «Լիւսի Թիւթիւնճեան» ցուցասրահին մէջ տեղի ունեցաւ հայրենի մտաւորական Սպարտակ Ղարաբաղցեանի «Արեւի բնակավայրը» գիրքին շնորհահանդէսը:
Բացման խօսքը արտասանեց Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան անդամ Մարինա Համամճեան, որ լուսարձակի տակ առնելով Սպարտակ Ղարաբաղցեանի արժէքը` թէ՛ Հայաստանի, եւ թէ սփիւռքի մէջ, ըսաւ. «Կարելի է իսկապէս ըսել, որ ան սփիւռքի եւ Հայաստանի միջեւ հարազատ ու անաղարտ կամրջումի լաւագոյն օրինակներէն է` հեռու ձեւականութենէ, այլ լեցուն բնական մղումով, վեհ հայու զգացումներով եւ ազգային տագնապներով եռացող ներաշխարհով»: Ան հաստատեց, որ թէ՛ իր պաշտօնին բերումով, եւ թէ իբրեւ ազգային կեանքին մէջ աշխուժ գործիչ, հայրենիքի եւ սփիւռքի հարցերով հաւասարապէս տագնապող անձնաւորութիւն է Ս. Ղարաբաղցեան:
Ապա Մարինա Համամճեան յայտնեց, որ «Մեր թաղը» մատենաշարի երկրորդ հրատարակութիւնը հանդիսացող «Արեւի բնակավայր» գիրքը կու գայ առաւել եւս հարստացնելու Սպարտակ Ղարաբաղցեանի գրական-հրապարակագրական-թատերական աւանդը` դիտել տալով, որ գիրքին մէջ հեղինակին յիշատակներուն եւ ապրումներուն ընդմէջէն ընթերցողը կը հաղորդուի դրուագներու, Հայաստանի եւ սփիւռքի զանազան շրջաններու, հոն ապրող անձնաւորութիւններու եւ կերպարներու, որոնց ճամբով յուշի կողքին պատգամ ու պատկեր կը փոխանցուի ընթերցողին:
Սպարտակ Ղարաբաղցեանի «Արեւի բնակավայր» գիրքը ներկայացուց Ֆելիքս Բախչինեան: Ան ըսաւ, որ Սպարտակ Ղարաբաղցեանի յիշողութիւնը կը վերադասաւորէ հին թաղի բնակիչներu` իրենց արեւային բնակավայրին մէջ` աշխատելով բաց չձգել հասուն մանրամասնութիւնները, իր սրտի ջերմութեան մէջ թաթխելով սիրելի դէմքերուն վրայ վարպետօրէն գծագրուած պատկերները: