Հովանաւորութեամբ Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան, ստեղծագործական երեկոյ-հանդիպում մը կազմակերպուեցաւ Չորեքշաբթի, 19 Մայիս 2010-ի երեկոյեան, Համազգայինի «Լեւոն Շանթ» մշակութային կեդրոնի «Գ. եւ Հ. Արմէնեան» սրահին մէջ:
Ձեռնարկի բացումէն ետք տեսաերիզի ցուցադրութեամբ ներկայացուեցան հայրենի երաժշտահան Արեգ Լուսինեանի կեանքի յաջորդական հանգրուանները, Թեհրանէն Թաւրիզ, Ղազուին, ապա նախկին Խորհրդային Միութիւն: Իր իսկ ձայնով ներկայացուած ինքնակենսագրականով, բազմավաստակ երաժշտահանը յիշեց իր եւ իր ընտանիքին ապրած դառն օրերը նախկին խորհրդային վարչակարգին տակ՝ ընդգծելով իր մօր ազդեցիկ դերը իր կեանքի հունաւորման մէջ:
Տեսաերիզին մէջ Լուսինեան խոստովանեցաւ, թէ բախտն ու զուգադիպութիւնը իրենց վճռորոշ դերը ունեցած են իր կեանքի ուղիի ընթացքին մէջ, երբ յօրինող երաժշտահան Երուանդ Սարդարեանի միջնորդութեամբ կը յաջողի մուտք գործել Ռոմանոս Մելիքեանի անուան երաժշտանոցը, առանց որ երաժշտական ուսում ունենայ:
Լուսինեանի երաժշտական վաստակը օրուան ծնունդը չէ, ան 50 տարի առաջ իսկ արդէն գրած ու յօրինած էր «Լալային քառեակը»: Բազմաթիւ գործերու կողքին հայրենի երաժշտահան Արեգ Լուսինեան նաեւ հեղինակ է հոգեւոր թեմայով բանաստեղծական յօրինուածքներու, ինչպէս նաեւ մանկապատանեկան գլուխ - գործոցներու:
Ձեռնարկին խօսք առաւ «Բ. Կանաչեան» երաժշտական քոլեճի ուսուցիչ Զաքար Քեշիշեան, որ թուելէ ետք Արեգ Լուսինեանի հիմնական գործերը, դրուատիքով անդրադարձաւ անոնց մշակութային արժէքին եւ ազգօգուտ ներդրումին՝ հայ կեանքին մէջ:
Ապա «Բ. Կանաչեան» քոլեճի ուսանողներուն եւ շրջանաւարտներուն կողմէ ներկայացուեցաւ գեղարուեստական կոկիկ յայտագիր մը, որուն ընթացքին ելոյթ ունեցաւ Բալիկ Լատոյեան, ապա՝ Աբիկ Չոլաքեան «Կրկէս»ի շարքէն գործով մը: Այնուհետեւ քոլեճի շրջանաւարտներէն Շողիկ Թորոսեան մեներգեց բանաստեղծական կտորներ Աշոտ Գրաշիէն, Սասուն Գրիգորեանէն ու Աւետիք Իսահակեանէն: Իսկ «Բարսեղ Կանաչեան» երաժշտական քոլեճի տնօրէն Արմէն Քեչեկ (դաշնակով) ընկերակցութեամբ Հրաչ Իսահակեանի (սրինգ) եւ Գարունի (ջութակ) ներկայացուց «Բարի գիշեր» եւ այլ գլուխ - գործոցներ:
Ձեռնարկի եզրափակիչ խօսքով երաժշտահան Արեգ Լուսինեան բեմ բարձրացաւ՝ շնորհակալութիւն յայտնելով Համազգայինի Լիբանանի ընտանիքին եւ ձեռնարկը կազմակերպողներուն եւ ըսաւ. «Այսօր ես շատ յուզուած եւ շոյուած կը զգամ ինքզինքս, Լիբանանն ու Պէյրութը շատ հարազատ են ինծի»: