Կիրակի, 19 Ապրիլին, Լոնտոնի Նաւասարդեան Կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ «Սփիւռքի գոյատեւումը եւ մենք» հրապարակային դասախօսութիւնը: Դասախօսը հանգամանօրէն անդրադարձաւ հետեւեալ երեք հարցերուն. Ներկայ էր սփիւռքի ապագայով հետաքրքրուած կոկիկ հասարակութիւն մը՝ տարբեր խաւերէ եւ տարբեր կազմակերպութիւններէ : Վերոյիշեալ հարցերուն մասին դասախօսին տեսակէտները ստեղծեցին թեր ու դէմ արտայայտութիւններ, որոնք շինիչ ու դրական էին: Հարց ու պատասխանները շարունակուեցան ընդունելութեան ժամանակ, ջերմ եւ ընկերական մթնոլորտի մէջ:
|