Երեքշաբթի 29 Մարտին Հայաստանի հանրապետութեան Սփիւռքի նախարարուհին Հրանոյշ Յակոբեան այցելեց Համազգային Արշակ եւ Սօֆի Գօլստըն Ճեմարան:
Ճեմարանի մուտքին, հայկական աւանդական սովորութեամբ` ան աղ ու հացով դիմաւորուեցաւ աշակերտութեան, Համազգայինի Շրջանային Վարչութեան ու Ճեմարանի խնամակալութեան ներկայացուցիչներուն , ինչպէս նաեւ Ճեմարանի պատասխանատուներուն կողմէ: Դպրոցի Նալպանտեան սրահին մէջ բարերարներ, ծնողներ, Շրջանաւարտից Միութեան անդամներ եւ բոլոր աշակերտները կը սպասէին ախարարուհիին:
Կրթական պատասխանատուհի Գարօլին Պլանտըն կատարեց բարի գալուստի խօսք մը, որմէ ետք աշակերտները ելոյթ ունեցան երգերով ու արտասանութիւններով: Խնամակալութեան կողմէ Վիգէն Գալողլեան բարի գալուստ մաղթեց նախարարուհիին եւ սեղմ գիծերով ներկայացուց Ճեմարանի գոյութեան փաստը, վկայակոչելով թէ այս տարի անոր հիմնադրման 25 ամեակն է: Ճեմարանի հայերէն բաժնի պատասխանատու Ասատուր Շուկայեան նոյնպէս բարի գալուստ մաղթեց նախարարուհիին իր երկրորդ տան մէջ, որ հայկական վարժարանն է: Ան բացատրեց Ճեմարանէն ներս տարուող հայագիտական աշխատանքները համաձայն Համազգայինի կրթական առաքելութեան, որ կը խտացուի մարդակերտում եւ հայակերտում բառերուն մէջ, այսինքն կերտել բարձր արժանիքներու տէր մարդը, ինչպէս նաեւ իր ինքնութեամբ հպարտ ու գիտակից հայը: Իր խօսքի աւարտին ան բեմ հրաւիրեց նախարարուհին, որպէսզի փոխանցէ իր խօսքն ու պատգամը աշակերտութեան:
Հրանոյշ Յակոբեան յայտնեց, թէ ինք արդէն ծանօթ է այս դպրոցին, որովհետեւ վերջին երկու տարիներուն Երեւանի մէջ ընդունած է այս Ճեմարանէն Հայաստան այցելող աշակերտներու խմբակները: Նախարարուհին քանի մը պատգամ փոխանցեց աշակերտութեան, ինչպէս՝ ըլլալ աշխատասէր իրենց դասերուն մէջ, սիրել ու յարգել իրենց ծնողներն ու մեծերը, ըլլալ աւստրալիացի շատ լաւ քաղաքացիներ, միաժամանակ հպարտ զգալ հայ ըլլալով եւ սորվիլ բոլոր այն գիտելիքները, որոնք զիրենք կը կապէ ազգին ու հայրենիքին:ԱյնուհետեւՃեմարանի պատասխանատուներուն եւ նախարարուհիին միջեւ եղաւ յիշատակի նուէրներու փոխանակում:
Նախարարուհին կարճ հանդիպում մըն ալ ունեցաւ 12-րդ դասարանի աշակերտներուն հետ, որոնք իրեն հանդիպած էին անցեալ տարի Երեւանի մէջ: Ան խրախուսեց անոնց, որ ըլլան աշխատասէր եւ այն կարճ ժամանակաշրջանը, որ զիրենք կը բաժնէ քննութիւններէն արդիւնաբեր ձեւով օգտագործեն: Ան նաեւ մէկ առ մէկ ծանօթացաւ իւրաքանչիւրի ապագայ ծրագիրներուն եւ մաղթեց բոլորին յաջողութիւն: Այնուհետեւ Ծնողական Յանձնախումբը պատրաստութեամբ տեղի ունեցաւ ճաշկերոյթ, որուն ընթացքին փոխանակուեցան բարեմաղթութեան խօսքեր, որմէ ետք նախարարուհին ունեցաւ օգտաշատ հանդիպում մը Համազգայինի Շրջանային Վարչութիւնը, խնամակալութիւնը եւ Ճեմարանի հայերէն բաժինը ներկայացնող պատուիրակութեան մը հետ եւ ծանօթացաւ անոնց առաջարկներուն ու պահանջներուն:
Նախարարուհին ջերմ տրամադրութեամբ եւ շատ դրական տպաւորութեամբ հրաժեշտ տուաւ Ճեմարանին:
Ասատուր Շուկայեան
Հայերէն բաժնի պատասխանատու