Երեքշաբթի, 13 Դեկտեմբեր 2016-ին, երեկոյեան ժամը 7:00-ին Հայաստանի Հանրապետութեան սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեան այցելութիւն տուաւ Համազգայինի «Լեւոն Շանթ» կեդրոն եւ ներկայ եղաւ ի պատիւ իրեն կազմակերպուած ձեռնարկին` «Գ. եւ Հ. Արմէնեան» սրահին մէջ: Ձեռնարկին ներկայ գտնուեցան Լիբանանի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Սամուէլ Մկրտչեան, Համազգայինի Շրջանային վարչութեան անդամներ, Համազգայինի գեղարուեստի դպրոցներու տնօրէններ եւ հիւրեր: Ողջոյնի խօսքով հանդէս եկաւ Յակոբ Հանտեան: Ան ըսաւ, թէ հայրենիքէն հեռու հայ ժողովուրդի զաւակները իրենց հոգիներուն մէջ ստեղծած են ոգեղէն հայրենիքը, զոր ոչ մէկ ուժ կրնայ քանդել: Այդ հայրենիքը ամրացուած է իւրաքանչիւր հայու մէջ եկեղեցիով, դպրոցներով, միութիւններով, կուսակցութիւններով, մայրենի լեզուով եւ մշակոյթով:
Ան ակնարկելով Համազգայինի «Լեւոն Շանթ» կեդրոնին ըսաւ, թէ անիկա արդիւնքն է հայկական «խենթութեան», որ կամքով եւ յարատեւութեամբ շաղախուած կառուցուած է Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմի օրերուն եւ 30 տարիներու ընթացքին տուած է հայ մշակոյթի իսկական ներկայացուցիչներ: Յ. Հանտեան հաստատեց, որ Համազգային հայ կրթական եւ մշակութային միութիւնը դարձած է կրթութեան եւ մշակոյթի սփիւռքեան նախարարութեան համազօր կազմակերպութիւն մը, որ տէր եղած է բոլոր սերունդներուն` դաստիարակելով զանոնք հայկական շունչով եւ զինելով հայ մշակոյթի այլազան մարզերու արուեստով:
Յ. Հանտեան եզրափակեց իր խօսքը ըսելով. «Այսօր ուրախութիւնն ու պատիւը ունինք հիւրընկալելու սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեանը: Այսօրուան պարզած մեր իրականութեան ի տես գիտակից ենք, որ սփիւռքը պէտք ունի զօրաւոր Հայաստանի, եւ Հայաստան պէտք ունի զօրաւոր սփիւռքի, եւ որպէսզի այս երկուքը արդիւնաւոր ճամբայ ունենան, անհրաժեշտ են կամուրջներ: Մենք հայրենիքն ու սփիւռքը կամրջող առաջիններէն ենք արդէն շատոնց: Մենք միասին զօրաւոր ենք, գործակցելով առաւել եւս կը զօրանանք եւ աշխարհով մէկ կը պարզենք զօրաւոր հայու պատկերը»: