Հովանաւորութեամբ եւ նախագահութեամբ Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մակար Սրբ. Եպս. Աշգարեանի, Ներկայութեամբ Ճեզիրէի Առաջնորդական Փոխանորդ Հոգշ. Տ. Լեւոն Վրդ. Եղիայեանի, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Միաբան Հոգշ. Տ. Արմէն Աբղ. Գալաճեանի, Արժ. Տ Գառնիկ Քհնյ. Չափանեանի, Արժ. Տէր Պսակ Քհնյ. Պէրպէրեանի, ինչպէս նաեւ Համազգայինի Սուրիոյ Շրջ. Վարչութեան, ազգային, միութենական մարմիններու ներկայացուցիչներուն ու հաւատաւոր ժողովուրդի հոծ բազմութեան, Հինգշաբթի, 25 Մայիս 2023-ին Գամիշլիի Ս. Յակոբ եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ ոգեկոչական երեկոյ, նուիրուած Ս. Ներսէս Շնորհալի հայրապետին։
Յայտագիրի բացման խօսքը արտասանեց «Ա. Ահարոնեան» Մասնաճիւղի ատենապետ Յասմիկ Պոզոյեան-Կարապետեան ու ըսաւ, «Համազգային Հայ Կրթական եւ Մշակութային Միութեան հիմնադրութեան 95-ամեակի սեմին, կ՚ոգեկոչենք Մեծն Ներսէն Շնորհալի հայրապետին վախճանման 850-ամեակը, պահպանելով մեր արմատները ու ազգային եկեղեցական բարձր արժէքները, որոնք բազմադարեան պատմութեան էջերուն մէջ քանդակեցին համաշխարհային արժէքներ։ Այդ արժէքները պահպանող ու ամրագրողներէն է հայ եկեղեցական գործիչ, բանաստեղծ, աստուածաբան, պատմիչ, երգահան, երաժշտագէտ Ս. Ներսէս Դ. Կլայեցին»։
Ձեռնարկի գեղարուեստական յայտագիրով նախ հանդէս եկաւ Ս. Յակոբ եկեղեցւոյ դպրաց դասը, խմբավարութեամբ Բարշ. Յակոբ Աւ. Սրկ. Պարսումեանի։