Կիրակի, 21 Մայիս 2023-ին, Փարիզի Ռոսինի սրահին մէջ, տեղի ունեցաւ յայտնի դերասան Վահէ Պէրպէրեանի «Բայց» թատերախաղի ներկայացումը, Համազգայինի նախաձեռնութեամբ:
300-է աւելի հանդիսատեսներ եկած էին բաժնելու Պէրպէրեանի սրամիտ կատակներն ու մտորումները:
Ձեռնարկին բացման խօսքը կատարեց Նոնիկ Յովհաննէսեան Շարբեն, յիշեցնելով Համազգայինի 95-ամեակը: Ան ըսաւ. «Համազգայինը, յայտնի պատճառներով, թէեւ այս վերջին երեք տարիներուն մնաց այս սրահէն եւ իր ծրագիրներէն բաւական հեռու, չկարողանալով կազմակերպել իր միջոցառումները, բայց իր բոլոր ուժերը դրաւ Կապոյտ Տնակի մանուկներու հայկական աշխատանոցին շուրջ, որ երկու տարիէ ի վեր կը շարունակուի ամէն շաբաթ օր։ Բոլորիս ուրախութիւնը աներեւակայելի է այսօր Սիրելի՛ Վահէ, ձեզ ունենալ մեզի հետ, մտիկ ընել՝ ձեզի եւ անշուշտ խնդալ ձեզի հետ, մտածել ու յիշել, բայց ոչ միայն... որովհետեւ համաճարակը չէր միակ պատճառը Վահէին երեք տարիներ կանգ առնելուն, ան լուռ մնաց եւ պահանջեց բոլորէս լռութիւն: Այս լռութեան կարիքին պատճառն էր 44-օրուան պատերազմը, իր կորուստներով՝ թէ՛ մարդկային եւ թէ տարածքային: Լռութիւնը պարտութիւն չէ, ինչպէս կ՛ըսէ Վահէ Պէրպէրեան»: Ան ընթերցեց Վահէի խօսքը. «Կրնաք երեւակայել որքան ուրախութիւն եւ հրճուանք կը զգայ մեր թմնամին երբ տեսնէ մեր իրար հարուածելը, իրար քարկոծելը, իրարու հայհոյելը։ Իրենց յաղթանակին վրայ այդ հրճուանքն ալ պատճառելը անընդունելի է սիրելիներ։ Անընդունելի։ Ճիշդ հիմա է, որ պէտք է համախմբուինք եւ անգամ մը եւս մեր ուժերը հաւաքենք, որպէսզի այս ահաւոր հարուածը, զոր ստացանք, չսպաննէ մեզ»։ Նոնիկ Յովհաննէսեան աւելցուց. «Այսօր, կը խնդրեմ բոլորէս որ այս խօսքերը ըլլան գալիք օրերուն Սփիւռքի մէջ մեր ամենակարեւոր պատգամը՝ համախմբուինք եւ անգամ մը եւս մեր ուժերը հաւաքենք, որպէսզի այս ահաւոր հարուածը չսպաննէ մեզ»։ Ապա ան բեմ հրաւիրեց Վահէ Պերպէրեանը:
Հետաքրքրական էր սրահէն ներս երիտասարդներուն ներկայութիւնը. անոնք լաւ կը ճանչնան Վահէն Պէրպէրեանը ընկերային ցանցերէն եւ թատրերգութեան ընթացքին աշխոյժ մասնակցութիւն բերին: