Ուրբաթ, 17 Մարտ 2017-ի երեկոյեան ժամը 8:00-ին, Ազգային առաջնորդարանի «Երջօ Սամուէլեան – Եռագոյն» սրահին մէջ` հովանաւորութեամբ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեանի, կազմակերպութեամբ Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան եւ գործակցութեամբ Հայկազեան համալսարանի հրատարակչատան, տեղի ունեցաւ «Բարսեղ Կանաչեան (1885-1967). Կեանքի մը երաժշտացումը» խորագիրով գիրքին շնորհահանդէսը:
Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան անունով բացման խօսքը արտասանեց Թամար Սնապեան-Սուրճեան, որ հրաւիրեց ներկաները մէկ վայրկեան յոտնկայս լռութեամբ յարգելու յիշատակը «Բարսեղ Կանաչեան» երաժշտական քոլեճի նախկին տնօրէն եւ ջութակի ուսուցիչ Աշոտ Ճենտերէճեանին: Անդրադառնալով հանդիսութեան նպատակին` Թամար Սնապեան-Սուրճեան ըսաւ, որ վարչութիւնը կը միտի յարգանքի տուրք մատուցել հայ երգարուեստի երկնակամարին վրայ իր անջնջելի դրոշմը ձգած մեծանուն Բարսեղ Կանաչեանին` անոր մահուան 50-ամեակին առիթով, ինչպէս նաեւ լոյս սփռել «Բարսեղ Կանաչեան. Կեանքի մը երաժշտացումը» գիրքին վրայ:
Ապա «Բ. Կանաչեան» քոլեճի ուսուցիչ, սոփրանօ Շողիկ Թորոսեան կատարեց «Ալվարդի երազը» եւ «Օրօր» ստեղծագործութիւնները` դաշնակի ընկերակցութեամբ դարձեալ քոլեճի ուսուցիչ Յասմիկ Գասպարեանի: