Մարդկային ամէնէն նուրբ կացութիւններն ու զգացումները, Հայաստանի քաղաքական, ընկերային եւ ապահովական բազմաթիւ եւ բազմաբնոյթ պատկերները, յատկապէս տեղի ունեցած խորհրդարանական ընտրութիւններուն ու կայանալիք նախագահական ընտրութիւններուն վերաբերող, Շաբաթ, 9 եւ Կիրակի, 10 Փետրուար 2013-ին «տողանցեցին» «Յակոբ Տէր Մելքոնեան» թատերասրահին մէջ` տաղանդաւոր մենակատար Վարդան Պետրոսեանի ընդմէջէն: