«Ազդակ» Օրաթերթ.- Կազմակերպութեամբ Համազգայինի «Պարոյր Սեւակ» մասնաճիւղին, Հինգշաբթի, 14 Սեպտեմբեր 2017-ին տեղի ունեցաւ Մուսա լերան հերոսամարտի 102-ամեակի ձեռնարկներու առաջին նախաձեռնութիւնը` վերաբացումը «Ռուբէն Նագեան» գեղարուեստի ակադեմիային:
Մասնաճիւղի վարչութեան անունով բարի գալուստի խօսք արտասանեց Նաթալի Քենտիրճեան, որ մեծ գոհունակութիւն յայտնեց ակադեմիային վերաբացման առիթով` ըսելով, որ կառոյցին հիմնական նպատակը պիտի ըլլայ նոր սերունդի տաղանդները յայտնաբերել: Ան աւելցուց. «Յանձնախումբին ծրագիրը այս տարուան համար, շաբաթական դասերուն կողքին, պիտի ընդգրկէ արտադպրոցական աշխատանքներ, պատերու վրայ աշխատանքներ եւ այլ հետաքրքրական ձեռնարկներ ու ցուցահանդէս»:
Այս առիթով ան շնորհակալութիւն յայտնեց ՀՅԴ «Կարմիր լեռ» կոմիտէին, Այնճարի քաղաքապետութեան եւ «Ռուբէն Նագեան» ակադեմիայի հիմնադիրներուն` տեղեկացնելով, որ ակադեմիայի դասատուն պիտի ըլլայ Մարալ Թնգրեան:
Ապա ան բեմ հրաւիրեց Համազգայինի «Պարոյր Սեւակ» մասնաճիւղի վարչութեան ատենապետ Վազգէն Գալօշեանը, որ յուշանուէրներով գնահատեց ակադեմիայի հիմնադիրներէն Յովհաննէս Խօշեանը, Րաֆֆի Անտոնեանը եւ Պօղոս Թասլաքեանը, ինչպէս նաեւ բացականեր Կարպիս Քենտիրճեանը, Վահէ Տիւքենճեանը եւ Թալին Սթամպուլեանը:
Խօսք առաւ Այնճարի քաղաքապետ Վարդգէս Խօշեան, որ Պարոյր Սեւակի խօսքերէն մէկը մէջբերելով ըսաւ. «Ինչքան էլ ծանր է մանուկ թաղելը., մանուկ պահելը ծանր է աւելի»: Ան շարունակեց. «Մեր երեխաները ճիշդ ուղիին վրայ դնելու առաջին քայլը կը սկսի հոսկէ: Հո՛ս է, որ մեր երեխաները կը սորվին զանազանել բարին չարէն: Հո՛ս է, որ անոնց ճաշակին մէջ պիտի ամրանայ բարիի եւ գեղեցիկի սկզբունքը, որպէսզի չարին յաղթենք գեղեցիկին ճամբով»: