Պէյրութի մէջ Ամերիկեան դեսպանատան հանրային հարցերու բաժանմունքի հրաւէրով Լիբանան կը գտնուին հռչակաւոր Կրամմի մրցանակակիր ամերիկացի Ճազ-արուեստագէտ՝ Ճոզայիա Ուըտսոն իր խմբակից երեք անդամներով: Անոնք 4 Մայիս 2022-ին Համազգայինի «Ժիրայր եւ Ցոլինէ Խաչատուրեան» կեդրոնէն ներս երեք ժամ տեւողութեամբ վերաորակաւորման դասընթացք իրականացուցին Լիբանանցի աւելի քան 80 երաժիշտներու եւ ուսուցիչներու:
Ճոզայիա Ուըտսոն համաշխարհային շեփորահար է մասնագիտացած «ճազ», «պլուզ» եւ «հիփ-հօփ» երաժշտական միաձուլման մէջ: Ան երաժշտական մագիստրոսի կոչում ստացած է Անգլիոյ երաժշտական քոսերվաթորիայէն եւ համագործակցած ու նուագած է նշանաւոր արուեստագէտներու հետ, ինչպէս՝ Պիոնսէ Նոուլզի՝ Կրամմի մրցանակակիր «Love on Top» երգի համար: Իր գործընկերներ՝ Տանիէլ Կասինը, Զաքարիա Աբրահամը եւ Պերթոլլօ Էմանուէլը կը նուագակցին իրեն պաս, կիթառ, հարուածային գործիք եւ ստեղնաշարով:
Վերաորակաւորման դասընթացքը իրականացաւ Համազգայինի Գեղարուեստական դպրոցներու, Լիբանանի Ազգային բարձրագոյն երաժշտական քոնսերվաթորիայի, Իլիաս Րահպանի Ակադեմիայի եւ Ղասան Եամմին գեղարուեստական դպրոցի գործակցութեամբ: Այս նախաձեռնութեան մասնակցեցան նաեւ Համազգայինի Գեղարուեստի դպրոցի 23 աշակերտներ, որոնց մեծամասնութիւնը գործիքային կատարումներով ելոյթ ունենալով հմայեց ներկաները: Աւարտին պատուիրակութեան յանձնուեցաւ «Թորոս Ռոսլին» կերպարուեստի ակադեմիայի ուսուցիչներու եւ աշակերտներու գործերէն յուշանուէրներ եւ Համազգայինի մասնակիցները ստացան Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպանատան կողմէ մասնակցութեան վկայագիրներ: