Ուրբաթ, 17 Փետրուար 2017-ին, «Փոքրերու Պատմութեան Ժամ» յայտագիրը վարեց Համազգայնի «Անի» պարախումբի եւ «Քնար» երգչախումբի անդամներէն՝ Կորիւն Գոյունեանը։ Ան իր իւրայատուկ առոգանութեամբ ներկայացուց Անահիտ Սարգիսեանի «Սեւուլիկ Սարդիկը» եւ «Լուսինին Շապիկը» պատմութիւնները՝ խանդավառելով գրասէր փոքրիկները։ Ապա ան Սեւուլիկ Սարդիկին երգը երգելով ու սորվեցնելով, առաւել եւս գրաւեց անոնց ուշադրութիւնը:
Աւելի ուշ, մասնակից փոքրիկները գծեցին իրենց ունկնդրած պատմութիւններուն հերոսներէն մէկը, իսկ յայտագրի աւարտին անոնք համտեսեցին գրքաձեւ սիրուն կարկանդակներ, որոնք յատկապէս պատրաստուած էին Կորիւնի ճաշակաւոր ու աշխատասէր մօր՝ երէցկին Նինա Գոյունեանի կողմէ։
Յաջորդ առաւօտ, Շաբաթ 18 Փետրուարին, «Փոքրերու Պատմութեան Ժամ» յայտագրի յանձնախումբի անդամներէն Աւօ Գազանճեան, Սեւան Թասլաքեան, Նանոր Շիրինեան, Մեղրի Պաքարեան եւ Անահիտ Պալեան իրենց մասնակցութիւնը բերին Առաջնորդարանի Հայեցի Դաստիարակութեան Խորհուրդի կազմակերպած «Մանուկներու Փառատօն»ին: Համազգայինի կրպակէն ներս, փառատօնին մասնակից փոքրիկներուն ձեռքերը զարդարուեցան իրենց անուան թռչնագիր սկզբնատառով կամ այլ գեղեցիկ նկարներով։ Անոնք նաեւ ուրախութեամբ գունաւորեցին հայկական մանրանկարչական գծագրութիւններ եւ հմայուած դիտեցին «ԱՆԻ» պարախումբի անդամներէն՝ Էմմա Գասբերի մենապարը:
Յաջորդ «Փոքրերու Պատմութեան Ժամ»ը տեղի պիտի ունենայ Ուրբաթ 17 Մարտ կէսօրէ ետք ժամը 6:00- 7:00, Համազգային-ի «Մուշեղ Իշխան» գրադարանին մէջ: Անհամբեր կը սպասենք ձեր փոքրիկներուն, որպէսզի միասնաբար վայելենք իւրաքանչիւր հրամցուած պատմութիւն։ Անոնց մասնակցութեամբ մեր յայտագիրները յատուկ համ ու հոտ կ՛ունենան։ Յիշեցնենք, որ մենք այս կարճ ժամանակի ընթացքին նաեւ կը պատրաստենք զանազան աշխատանքներ, որպէսզի մեր պատմութիւնները կենդանացնենք, եւ ամէնէն կարեւորը հայերէնով ծանօթանանք տարբեր ու տարբեր հետաքրքրական նիւթերու։
«Փոքրերու Պատմութեան Ժամ»ի յանձնախումբ