Հովանաւորութեամբ Այնճարի Քաղաքապետական խորհուրդին և կազմակերպութեամբ Համազգայինի Այնճարի «Պարոյր Սեւակ» մասնաճիւղի մշակութային յանձնախումբին, Կիրակի, 26 Փետրուար 2017-ին, երեկոյեան ժամը 5:00-ին, «Ս. Զէյթլեան» կեդրոնի «Մովսէս Տէր-Գալուստեան» սրահին մէջ, մշակութասէր բազմութիւն մը ներկայ էր Փրոֆ. Ռիչըրտ Յովհաննէսեանի նորատիպ հատորի ՝ “Armenian Communities of the Northeastern Mediterranean Mousa Dagh- Dort Yol- Kessab” գինեձօնին:
Ձեռնարկին բացման խօսքը արտասանեց Վարանդ Տումանեան: Ան ըսաւ. «Պահը պատմական է, անոր համար որ մեր գիւղը կը հիւրընկալ է բծախնդիր պատմագէտ և հմուտ հայագէտ Փրոֆ. Ռիչըրտ Յովհաննէսեան, որ իր անզուգական և վաւերական գործերով իր կնիքը դրած է Հայ դատի աշխատանքներուն վրայ: Պատմական է նաեւ անոր համար որ մենք այսօր առիթը կ'ունենանք նոյնինքն մեծ պատմագէտին կողմէ մեկնաբանուած, ունկնդրելու մեր իսկ պատմութիւնը Մուսա Լերան, ինչպէս նաեւ Տէօրթ-Եոլի և Քեսապի»:
Ապա Արտակ Կէօքճեան ասմունքեց Եդուարդ Պոյաճեանի «Ապստամբութիւն» քերթուածը:
Խօսք առաւ Դոկտ. Անդրանիկ Տագէսեան, որ ներկայացուց Փրոֆ. Ռիչըրտ Յովհաննէսեանը, անդրադառնալով անոր վաստակին, գիտական բերքին, մշակին, հաւաքականութեան մէջ անոր դերին եւ էութեան:
Դոկտ. Տագէսեան՝ խօսելով փրոֆ. Յովհաննէսեանի գիրքերուն մասին՝ ըսաւ, թէ անոր առաջին հրապարակումները ընդհանրական ներկայացումներ էին եւ կարծիքներ, թէ ինք ալ կը փորձէր աւելի՛ ծանօթանալ, աւելի՛ խորանալ, աւելի շփուիլ եւ շաղուիլ հայ իրականութեան հետ: Այս հրապարակումներէն ետք, ըստ դոկտ. Տագէսեանին, Յովհաննէսեան կ՛անցնի խնդրայարոյց նիւթի մը, որ Հայաստանի Հանրապետութիւնն է` 1918-1920: Փրոֆ. Ռիչըրտ Յովհաննէսեան յանդուգն քայլերով իրապաշտօրէն ներկայացուցած է պատմական այս ժամանակաշրջանը, որմէ ետք, իր հետագայ հրապարակումներով ան անգլերէնով կը սկսի հայ եւ օտար զանգուածին, ինչպէս նաեւ գիտական միջավայրին ներկայացնել Հայոց ցեղասպանութիւնը եւ անոր հոլովոյթը: Դոկտ. Տագէսեան՝ շարունակելով ըսաւ, թէ Աստուած դոկտ. Յովհաննէսեանին տուած է ատաղձը, որմէ ինք օգտուեր ու մշակեր է զայն, սակայն այս ատաղձը իր մէջ ցանուած է իր ծնողքէն: Ան իր ատաղձն ու շնորհները հաւաքականութեան կը ծառայեցնէ: