Մայրենի լեզուով հաղորդակցիլը,խօսիլն ու արարելը այնքան սովորական երեւոյթ կրնայ թուիլ բազմաթիւ ժողովուրդներու պարագային,երբ սերունդներ` իրենց ծնած օրէն լսած ու ծանօթացած են տուեալ լեզուին՝ նախ որպէս հնչիւն ու բառ,ապա խօսած՝ միայն ու միայն իրենց նախահայրերու գործածած լեզուով։ Անոնց լեզուամտածողութիւնն ու տրամաբանութիւնը զարգացած է այն լեզուով,որ ըմբռնած ու խօսած են ու ապա՝ աստիճանաբար զայն իւրացուցած։
Սփիւռքի մէջ ապրող հայ ժողովուրդի յաջորդական սերունդները նոյնքան բախտաւոր չեն եղած,որքան վերոյիշեալները,ուր հայ մնալն ու մա՛նաւանդ հայերէն խօսիլը աւելի շատ պայքար է,քան՝ լեզուի զարգացման սովորական ընթացք։
Ճշմարիտ իրողութիւն է, որ 21-րդ դարուն հայ մարդու դիմագրաւած ամենամեծ մարտահրաւէրներէն են` արեւմտահայերէնի ճիշդ գործածութիւնն ու պահպանումը,որոնց համար չեն խնայուիր ճիգ ու ջանք։
Ի գործ դրուած նմանօրինակ ճիգի ու ջանքի արգասիքն էր Կիրակի, 1 Մայիս- 2016-ի յետմիջօրէի ժամը 2։00-ին,Համազգային Հայ Կրթական եւ Մշակութային Միութեան «Գրասէրներու Խմբակ»ի անդամներու ներկայացուցած տուեալ խմբակի հաւաքներու շարքին երեսունվեցերորդը։
Ձեռնարկի մասնակիցները երիտասարդներ էին,որոնց ծնողները օտար երկնակամարի տակ, յաճախ թիավարելով հոսանքն ի վեր,կրցած էին անոնց փոխանցել հայ գրականութեան շունչն ու ոգին, համն ու հոտը։
Հաւաքը,որ տեղի ունեցաւ Հայ Կեդրոնի «Յ. Մանուկեան» գրադարանէն ներս, նուիրուած էր հայ քնարերգութեան։
Ձեռնարկը սկսաւ «Գրասէրներու խմբակ»ի անդամ՝ Թամար Տօնապետեանի արեւմտահայ քնարերգակ բանաստեղծ, բանահաւաք՝ Կոմիտասի մասին հակիրճ ընթերցումով. որմէ ետք,ջութակով հանդէս եկաւ ՀՕՄի Ամէնօրեայ Վարժարանի վեցերորդ դասարանի աշակերտ՝ Վարագ Մեսրոպեան, ներկայացնելով Կոմիտասի «Հոյ նազան իմ եար»ը։
Բարի գալուստի խօսքէն ետք, հանդիսավարը անդրադարձաւ Հալէպի եւ Արցախի մէջ ճգնաժամ դիմագրաւող ժողովուրդի իրավիճակին։ Մատնանշեց Արցախեան ազատամարտի ընթացքին սահմանագծի վրայ հայ ազատամարտիկներու մղած կենաց մահու պայքարի արժէքն ու կարեւորութիւնը։ Ապա բեմ հրաւիրեց Վարագ Մեսրոպեանն ու Քրիստափոր Կոստանեանը։ Վարագի հակիրճ բացատրութենէն ետք,ջութակի նուագակցութեամբ անոնք ներկայացուցին «Ախպերս ու ես» երգը,ոգեւորելով նաեւ հանդիսատեսը։
Սահիկներու ընկերակցութեամբ ներկաները հետեւեցան քնարերգութեան մասին պատրաստուած հակիրճ ներածականին,ուր ամփոփ եւ յստակ բացատրութեամբ Թամար Տօնապետեան փոխանցեց նախ`քնարերգութեան պատմականը,նշելով,որ քնարերգութեան մէջ գերիշխողը տուեալ հեղինակի անձնական ապրումներն են,ինչպէս՝ սէր,ատելութիւն եւ կարօտ,որոնք շատ յաճախ կ՛արտայայտուին տողատակի թաքնուած նրբահիւս երաժշտութեամբ։ Ապա ան մէջբերեց քնարերգակ հեղինակներու բանաստեղծութիւններէն բաժիններ,եւ մեծ ապրումով մեկնաբանեց Տէրեանի «Տխրութիւն»ը։
Քաջալերելի ու ոգեւորիչ երեւոյթ էր Գրասէրներու խմբակի նորագոյն անդամ՝ Լանա Տէր Պետրոսեանի մասնակցութիւնը։ Երիտասարդուհին ներկայացնելէ ետք Մատթէոս Զարիֆեանի հակիրճ կենսագրականն ու գործունէութիւնը,նոյն հեղինակէն ընթերցեց «Կտակ»,«Լեռներն իմ երազիս» եւ«Պզտիկ աղջիկը»։
Յաջորդ մասնակիցն էր Արփի Ագըլեան։ Ան ներկայացուց Դուրեան քնարերգակ բանաստեղծը,ապա ասմունքեց արեւմտահայ քնարերգութեան մէջ մեծ ճանաչում վայելող «Լճակը» բանաստեղծութիւնը։
Սեւակ Յարութիւնեան ներկայացուց արեւելեահայ քնարերգակ բանաստեղծ՝ Եղիշէ Չարենցը,ընթերցելով «Մեծերը Չարենցի մասին» գրութենէն բաժիններ։ Ապա ինքնավստահ եւ գեղեցիկ կատարողութեամբ ներկայացուց «Կ’ուզեմ հիմի փչէ զուռնէ» երգը։
Յաջորդաբար, Տարօն Հալլաճեան ներկայացուց Թէքէեանն ու Մեծարենցը, ապա ընթերցեց Թէքէեանի «Ես սիրեցի» բանաստեղծութիւնը, ապա՝ Մեծարենցի «Կիրակմուտը»ը։
Արեն Մնացականեանին տպաւորիչ մեկնաբանութեամբ ներկաները վայելեցին Չարենցի «Լուսամփոփի պէս աղջի»ը,որմէ ետք ան ներկայացուց թորոնթոբնակ բանաստեղծ՝ Ռուբէն Մնացականեանի կենասագրականը. ապա գեղեցիկ ձեւով ասմունքեց նոյն հեղինակին «Մայրամուտի» բանաստեղծութիւնը։
Թամար Տօնապետեանին վիճակուած էր ներկայացնել հայ քնարերգութեան հարազատ թարգմանը հանդիսացող Համօ Սահեանը։ Ներկայացուած բաժիններուն ընդմէջէն ան մատնանշեց Սահեանի այնքա՛ն նուրբ ու զգայուն ներաշխարհը,որ իրը ըլլալով հանդերձ՝ նաե՛ւ համամարդկային է։
Արդարեւ, գեղեցիկ մեկնաբանութեամբ Թամարը ներկայացուց՝ Սահեանի ստեղծագործութիւններէն «Հայաստան ասելիս» եւ«Ախր ես ինչպէս վեր կենամ գնամ» մեծ ժողովրդականութիւն վայելող բանաստեղծութիւնները։
Աւարտին,մասնակիցներուն փոխանցուեցան Գրական յանձնախումբի կողմէ նուիրուած գիրքեր,որպէս գնահատանք՝ կատարած իրենց աշխատանքին։ Հանդիսավարը շնորհակալութիւն յայտնելէ ետք, հրաւիրեց ներկաներն ու մասնակիցները միատեղ երգելու Մեծարենցի «Սիրերգ»ը։
Պէթի Փանոսեան Մինասեան