«Ազդակ» օրաթերթ.- Կազմակերպութեամբ Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան, Ուրբաթ, 3 Յունիս 2016-ին, երեկոյեան ժամը 8:30-ին, «Էմիլ Լահուտ» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան «Քնար» պարախումբի ելոյթը` մասնակցութեամբ Համազգայինի «Այգ» երիտասարդական երգչախումբին եւ նուագախումբին:
«Քնար» պարախումբին գեղարուեստական ղեկավարն է Յովհաննէս Խաչիկեան, պարուսոյցը` Գարիկ Խաչիկեան, որոնք Հայաստանէն հրաւիրուած են, հետեւելու խումբի աշխատանքներուն: Այս տարուան ելոյթին մէջ պարի յայտագիրի յատկութեան կողքին զգալի էր «Այգ» երիտասարդական երգչախումբին ներկայութիւնը, որուն գեղարուեստական ղեկավար եւ խմբավարն է Զաքար Քէշիշեան:
Յայտագիրի առաջին բաժինին մէջ «Քնար» պարախումբը ներկայացուց շարք մը պարեր, որոնց յաջորդեց Տհոլահարներու համոյթին ելոյթը եւ «Գայեանէ» պարի դպրոցին կողմէ «Հիփհոփ» պարի ներկայացում մը: Ելոյթի առաջին բաժինին մէջ ներկայացուեցաւ նաեւ «Սալսա» (հեղինակ` Մայք Փոլատեան), ջութակի նուագով մը ներկայացաւ Լուսինէ Շամասեան, «Վալս», «Թանկօ» եւ այլն:
Կարճ դադարէ մը ետք, երկրորդ բաժինով ելոյթը սկսաւ «Այգ» երիտասարդական երգչախումբին եւ նուագախումբին երգերով, որոնց պարերով կ՛ընկերակցէր «Քնար» պարախումբը: